ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԲՆՕՐՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան արդէն հասած է դէպի Իրաք պաշտօնական այցելութեան եզրափակիչ փուլին։ Ան մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ աւարտեց իր շփումները, որոնք տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երկրի ղեկավարութեան կողմէ ընդունուելու զուգահեռ՝ նախագահ Խաչատուրեան այցելեց նաեւ Իրաքի Պատմութեան թանգարանը։ Իր տպաւորութիւններուն լոյսին տակ ան ըսաւ. «Այս բոլորը կը վկայէ, թէ Իրաք մարդկային քաղաքակրթութեան բնօրրաններէն մին է»։

Պաղտատի մէջ Վահագն Խաչատուրեան այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդարանը։ Ան հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեանի կողմէ, որուն ուղեկցութեամբ մոմ մը վառեց Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էր նաեւ նախկին առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան։

Պաղտատի շփումերու աւարտին Վահագն Խաչատուրեան արդէն անցած է Էրպիլ, ուր կը հիւրընկալւի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024