ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջին օ­րե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Աւստ­րա­լիոյ մէջ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց Աւստ­րա­լիոյ հա­յու­թեան մօտ։ Մայ­րա­քա­ղաք Քամ­պե­րա­յի մէջ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ պաշ­տօ­նա­կան շփում­ներ ու­նե­նա­լու ա­ռըն­թեր Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այ­ցե­լեց հա­յաբ­նակ գրե­թէ բո­լոր քա­ղաք­ներն ու շրջան­նե­րը։ Իր մաս­նակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցաւ «Հայ­կա­կան փա­ռա­տօն 2015»ը Սիտ­նի քա­ղա­քին մէջ։ Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն նա­խա­րա­րը մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Աւստ­րա­լիոյ եւ Նոր Զե­լան­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Հայ­կա­զուն Եպսկ. Նա­ճա­ռեա­նի հետ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ծրագ­րին վրայ մաս­նա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ներ­կա­յա­ցու­ցած են աւստ­րա­լա­հայ կրթօ­ճախ­նե­րը։ Ան այ­ցե­լած է բազ­մա­թիւ շրջան­նե­րու հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ՝ բո­լո­րին կող­մէ ող­ջու­նուե­լով մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ։ Բո­լոր կրթօ­ճախ­նե­րէն ներս Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռած է նոր սե­րուն­դի հա­յե­րէ­նի ի­մա­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։

 Բա­ցի վար­ժա­րան­նե­րէն, Յա­կո­բեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ աւստ­րա­լա­հա­յու­թեան բա­րեն­պա­տակ կա­ռոյց­նե­րու, մշա­կու­թա­յին կամ մար­դա­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ խրա­խու­սե­լով բո­լո­րին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան Աւստ­րա­լիոյ մաս­նա­ճիւ­ղին եւ ա­նոր յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ջան­քե­րով։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015