ՄԻՇՏ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Ապ­րի­լի 24-ի ըն­դա­ռաջ կը շա­րու­նա­կէ հան­դէս գալ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ուղ­ղեալ խիստ ո­ճով յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դար­ձաւ «France 24» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս հե­ռուս­տա­կա­յա­նը ան­ցեալ շա­բաթ ալ տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Էր­տո­ղան ֆրան­սա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ մե­ղադ­րանք­ներ հնչե­ցու­ցած է հայ­կա­կան կող­մի հաս­ցէին։ Ան կրկնած է, որ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղեալ Թուր­քիոյ քայ­լե­րը թո­ղուած են ան­պա­տաս­խան։

«Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ա­մէն ան­գամ մեր ձեռ­քը եր­կա­րե­ցինք, սա­կայն զայն սեղ­մող չե­ղաւ», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ յի­շե­ցուց ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լի 23-ին հրա­պա­րա­կած իր պատ­գա­մը։ Ան դժգո­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան դրա­կան ար­ձա­գանգ մը չէ տուած իր ու­ղեր­ձին։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կո­չում­նե­րը Ապ­րի­լի 24-ին զու­գա­դի­պեց­նե­լու ո­րոշ­ման՝ Էր­տո­ղան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Այդ բա­նը ը­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նէն թոյլ­տուու­թիւն պի­տի չխնդրէինք»։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հեր­քած է այն փաս­տը, թէ Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կո­չում­նե­րու օ­րը այս տա­րի դի­տում­նա­ւոր ո­րո­շուած է ի­րա­կա­նաց­նել Ապ­րի­լի 24-ին։ Հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած են Էր­տո­ղա­նի այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մէջ ան պնդած է, թէ Հա­յաս­տա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն օ­րը յար­մա­րե­ցուած է Թուր­քիոյ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու օ­րուան։

Իր կար­գին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ կրկնեց Թուր­քիոյ նա­խա­պայ­ման­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման հար­ցին շուրջ։ Հե­ռուս­տա­կա­յա­նի մը տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին ան շեշ­տեց, թէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը պայ­մա­նա­ւո­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րով։

Թուր­քիա կը ծրագ­րէ՞ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը։ Այս հար­ցին ի պա­տաս­խան Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու նշեց, թէ Հա­յաս­տան պէտք է սոր­վի լաւ ըլ­լալ իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ։ Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ հայ­կա­կան կող­մը հրա­ժա­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ պա­հանջ­նե­րէն, նաեւ պէտք է դուրս գայ գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէն։ «Անհ­րա­ժեշտ է, որ Հա­յաս­տան ցոյց տայ, թէ այս տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս խա­ղաղ կ՚ապ­րի», նշեց Չա­վու­շօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, որ Թուր­քիա պատ­րաստ է բա­րե­լա­ւել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իր հա­րե­ւա­նին հետ, ե­թէ Հա­յաս­տանն ալ կա­տա­րէ Թուր­քիոյ կող­մէ յա­ռաջ քշուած բո­լոր նա­խա­պայ­ման­նե­րը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015