ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը վերջին օրերուն արդէն ամփոփած է 2023 թուականի գործունէութիւնը եւ այս կապակցութեամբ հրապարակած՝ տեղեկագիր մը։ Յանձնախումբի տարեկան հաշուետուութիւնը երէկ ներկայացուեցաւ թէ՛ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին եւ թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։
Ատենապետ Հերման Քավաֆեանի կողմէ գլխաւորուած յանձնախումբի անդամները օրուան սկիզբին այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր իրենց գործունէութեան շուրջ մանրամասնութիւնները ներկայացուցին Պետրոս Շիրինօղլուի նկատառման։ Զրոյցի տեւողութեան ան պատրաստակամութիւն յայտնեց յանձնախումբի գործունէութեան աջակցելու եւ մատնանշեց, որ այս խնդիրը ERVAB-ի օրակարգին վրայ պիտի բերէ։
Յետմիջօրէին ալ յանձնախումբի անդամները Գումգաբուի մէջ ընդունուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութեամբ լսեց՝ մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ կամաւորներու մասնակցութեամբ յառաջ տարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Արդարեւ, ներկայիս մեր համայնքէն աւելի քան 800 ընտանիքներ կ՚օգտուին Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի բաժնած նպաստներէն։
Բացի ատենապետ Հերման Քավաֆեանէն, երկու հանդիպումներուն ալ ներկայ էին Խաչիկ Ճանէլի, Մանուկ Գալայճըի եւ Վարդան Մառանճըօղլուի նման անուններ, որոնք առաջին իսկ օրէն ներգրաւուած են ընկերային յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ եւ ձեւով մը մղիչ ուժերը հանդիսացած՝ սկզբնական փուլին։