«ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԼՈՒԾՄԱՆ»
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի աշխատակիցներէն Ճանսու Չամլըպէլ, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, երէկ նոյն թերթին մէջ շահեկան հարցազրոյց մը հրապարակեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն պատմաբան Վահրամ Տէր-Մատթէոսեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ հետազօտութիւններ կը կատարէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մօտ։ Վահրամ Տէր-Մատթէոսեան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ առաւել չափով Թուրքիոյ մէջ իսլամականութեան եւ քեմալականութեան վրայ։ Ան գիտէ թրքերէն եւ մօտաւոր անցեալին պետական կարեւոր կառոյցներու մօտ վարած է խորհրդականի պաշտօն։
Հիմա որ անցած է 24 Ապրիլ 2015 թուականը, Վահրամ Տէր-Մատթէոսեանի կանխատեսումներով, Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ընտրութիւններէն վերջ Անգարա առիթ պիտի ունենայ վերադառնալու այս խնդրի քննարկման։ Տէր-Մատթէոսեանի համոզմամբ, եթէ երկու երկիրներն ալ կ՚ուզեն վերադառնալ համաձայնութեան գործընթացի մը, ապա պէտք է հրաժարին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններէ։ Իր բանաձեւումով, այդ արձանագրութիւնները մեռած են։ Անոնց փոխարէն, պէտք է պատրաստել միայն երկու նախադասութենէ բաղկացեալ պարզ արձանագրութիւն մը, որով պիտի հռչակուի, թէ երկու երկիրները կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Պիտի նշուի նաեւ, թէ առկայ բոլոր խնդիրները պիտի քննարկուին աւելի վերջ։
Վահրամ Տէր-Մատթէոսեանի խօսքերով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ գոյութիւն ունի քաղաքական կամք ու փափաք՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Ան տարիներէ ի վեր յստակօրէն կը շեշտէ, թէ որեւէ թշնամանք խնդրոյ առարկայ չէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ։ Եթէ Սերժ Սարգսեան Անգարայի կողմէ փոխադարձութեան ազդանշան մը նկատէ, ապա խորհրդարանէն ետ կանչուած արձանագրութիւնները կրնայ դիւրութեամբ վերստին ուղարկել խորհրդարան։ Ամէն ինչ կախում ունի այն հանգամանքէն, թէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ի՛նչ որոշման մը պիտի յանգի։