ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ
Երէկ, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան, «DurDe!» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լեւենտ Շենսեւէր եւ Եւրոպայի հակացեղապաշտական հասարակական շարժման (EGAM) նախագահ Պենժամէն Ապտան։
Ինչպէս ծանօթ է, «DurDe!»ի, EGAM-ի եւ ՀԲԸՄ-Եւրոպայի համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջին տարիներուն Իսթանպուլի մէջ կը կազմակերպուին 24 Ապրիլի ոգեկոչումները։ Այս երեք կազմակերպութիւնները այս տարի եւս շարունակեցին իրենց տարած աշխատանքը եւ ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ Իսթանպուլի ոգեկոչումներուն մասնակցելէ վերջ՝ ուղեւորուեցան դէպի Երեւան։ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յիշեալ կազմակերպութիւններուն հետեւորդները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին Մեծ Եղեռնի զոհերուն նկատմամբ։
Երէկ, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Յովիկ Էօրտէքեան Պենժամէն Ապտան եւ Լեւենտ Շենսեւէր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեցին հայ-թրքական հասարակական երկխօսութեան հասած մակարդակին եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցին շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն առընչութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեւենտ Շենսեւէր ասուլիսի ընթացքին դիտել տուաւ, թէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներուն Թուրքիոյ կողմէ իւրացումը կ՚ենթադրէ երկարատեւ գործընթաց մը, որու արդիւնքին էապէս պիտի փոխուի թուրք անհատներուն պատմական գիտակցութիւնը։ Իր համոզմամբ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կատարուած Չանաքքալէի միջոցառումներուն նախաձեռնութեան նպատակն էր ուշադրութեան շեղացումը, իսկ իր կազմակերպութիւնը փորձած է իրականացնել հակաքայլեր։ Լեւենտ Շենսեւէր նշեց, թէ իրենց պահանջն է, ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներուն Թուրքիոյ կողմէ պաշտօնապէս ընդունուիլը եւ հատուցման վերաբերեալ բոլոր պահանջներուն կատարուիլը։