ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԺՈՂՈՎԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ Համահայկական խաղերու կարգադիր յանձնախումբը գումարեց ժողով մը՝ յառաջիկայ ամառ նախատեսուած վեցերորդ ամառնային խաղերու ընդառաջ։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ ամրան Համահայկական վեցերորդ խաղերը աննախադէպ պիտի ըլլան ո՛չ միայն մասնակիցներու քանակով, այլ նաեւ՝ քաղաքներու աշխարհագրութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս տարուան խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Ստեփանակերտի, Կիւմրիի, Վանաձորի, Աբովեանի եւ Արտաշատի մէջ։ Խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուած են տասնեօթ մարզաձեւեր, նախորդ տարիներու բաղդատմամբ անոնց թիւը աւելցած է եօթնով։ Անցեալ Համահայկական խաղերուն շուրջ 3200 մարզիկներու մասնակցութիւն մը կ՚ապահովուէր, իսկ այս պահու դրութեամբ յառաջիկայ խաղերուն համար արդէն հատուած է 4000 մասնակցի դիմումի սահմանը՝ արտասահմանէն։ Ընդհանուր առմամբ խաղերուն մասնակցութիւն պիտի բերեն շուրջ 5500 մարզիկներ։
Համահայկական խաղերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը նախատեսուած է Օգոստոսի 2-ին։ Երեւանի հիմնական երկու մարզադաշտերէն մէկուն՝ Հանրապետականի կամ Հրազդանի վրայ տեղի պիտի ունենան բացման հանդիսութիւնները։ Այս ուղղութեամբ վերջնական որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ շրջանին։
Այս անգամ Համահայկական խաղերու ջահը վառելու պաշտօնական արարողութեան եւ ջահի երթուղիին վերաբերեալ մանրամասնութիւններն ալ կը պահուին գաղտնի, որովհետեւ կը նախատեսուին անակնկալներ։ Այդ փուլերը պիտի իրականացուին հայաշատ քանի մը քաղաքներու մէջ։ Համահայկական վեցերորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 2-14 Օգոստոս թուականներուն։