ՊԱՏՇԱՃ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
«Եւրոտեսիլ 2015»ի մրցոյթի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Genealogy» խումբը, որու անդամները երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Եւրոտեսիլի Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան մրցոյթին ընդառաջ կազմակերպուած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ հինգ ցամաքամասերէ եկած ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ այս խումբը կը համարուի ինքնուրոյն։ Ան միասնութեան խորհրդանշան մը կը համարուի։ Իսկ խումբին անդամները նշեցին, թէ պիտի փորձեն մրցոյթի ընթացքին պատշաճօրէն ներկայացնել Հայաստանը։
Միւս կողմէ, «Genealogy»ի անդամները երէկ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ երգիչներու կողմէ բաղկացած է այս խումբը եւ Սերժ Սարգսեան երէկուան ընդունելութեան ընթացքին օտարահպատակ անդամներուն յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անցագրեր։