ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ մտահոգիչ իրադրութիւնը կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն անընդհատ կրակի տակ պահել Արցախը՝ բնակելի շրջաններով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս գիշեր Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի ամբողջ երկայնքով ազէրի զօրքերը իրականացուցած են հրետակոծութիւն՝ հրասայլերու եւ զանազան տրամաչափի ականանետերու եւ թնդանօթներու, ինչպէս նաեւ հրթիռահրետանային համակարգերու եւ «Կրատ» կայանքներու միջոցաւ։ Առաւել խտացեալ յարձակումներ ապրուած են շփման գծի արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով։ Յարձակումներուն թիրախ դարձած է նաեւ Մատաղիս բնակավայրը։ Արցախի բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են կանխարգելիչ եւ իրադրութեան գործնական զարգացման համահունչ գործողութիւններու՝ ազէրի զօրքերու նախայարձակ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով։ Այս առաւօտեան ժամերուն շփման գծի վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերաբար աւելի հանդարտ։ Հարկ է նշել, որ երէկ ալ օրուան տեւողութեան շփման գծին վրայ յարաբերաբար անդորրութիւն տիրած էր, սակայն երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը սկսած էին ռմբակոծել Մարտակերտի դիրքերը։ Շփման գծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած էր նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու սարքաւորումներու շարժ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ուշադրութեամբ հետեւած էին առաջնագծին վրայ տեղի ունեցած այդ զարգացումներուն եւ իրենց գործողութիւններով ճնշած՝ ազէրի զօրքերուն աշխուժութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը ու շեշտեց, թէ ազէրի կողմը քաղաքացիները կը դարձնէ վահան։ Ըստ յայտարարութեան, թաքնուելով խաղաղ բնակիչներու թիկունքին եւ արդիւնքին այդ նոյն քաղաքացիները դարձնելով կենդանի վահան, ատրպէյճանական հրամանատարութիւնը արդէն օրերէ ի վեր կը կատարէ սեւ գործ մը։ Ամերիկեան The Washington Post թերթն ալ տեղ տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի յայտարարութեան, ըստ որու հայկական բանակը ի վիճակի է Լեռնային Ղարաբաղը պաշտպանել առանց ռուսական օգնութեան։
Առկայ իրավիճակին մէջ հայկական կողմը անհրաժեշտ նախապայման կը համարէ Ատրպէյճանի նախայարձակ ռազմական գործողութիւններուն կասեցումը՝ բանակցութիւններու վերսկսման համար։ Երէկ այս մասին յայտարարութիւններով հանդէս եկան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։ Նալպանտեան այս միտքը արտայայտեց Երեւեանի մէջ՝ թէ՛ եւրոպացի դեսպաններու հետ տեսակցելու ընթացքին եւ թէ՛ խորհրդարանի երդիքին տակ։ Իսկ Սէյրան Օհանեան նոյն տեսակէտը պաշտպանեց Մոսկուայի մէջ։ Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեանն ալ յայտնեց, թէ Ստեփանակերտ միջազգային հանրութեան սթափուելու կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի դադրի Պաքուն խրախուսելէ։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը։ Այս առթիւ Նալպանտեան դեսպաններուն ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր հետեւանքներուն յաղթահարման ուղղեալ ջանքերը, որոնք կը գործադրուին Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ։ Ան ընդգծեց, որ 1994-1995 թուականներուն կնքուած հրադադարի հաստատման ու անոր ամրապնդման մասին անժամկէտ համաձայնագրերու խախտումը անթոյլատրելի է եւ անհրաժեշտ՝ անոնց անվերապահ կատարումը։ Նալպանտեան պատասխանեց նաեւ դեսպաններու հարցումներուն։
Բաց աստի, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երէկ կառավարութեան անդամներուն հետ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան, որու ընթացքին եւս արտայայտուեցաւ Եդուարդ Նալպանտեան։ Երեսփոխաններուն առջեւ ան ընդգծեց, որ բանակցային գործընթացի հեռանկարները կախում ունին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւններու հետեւանքներու վերացումէն։ Ըստ Նալպանտեանի, ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը կարգի հրաւիրէ Ատրպէյճանը ու զայն վերադաձնէ բանակցութիւններու։ Հայաստան մշտապէս կողմնակից եղած է հակամարտութեան բանակցութիւններու միջոցաւ խաղաղ կարգաւորման, իսկ Ատրպէյճան սին փորձեր կ՚ընէ՝ ձեւացնելու համար, թէ Հայաստան կը հրաժարի բանակցութիւններէն։ Նախարարին կանխատեսումներով՝ Պաքու ստիպուած պիտի ըլլայ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։
Մոսկուայի անվտանգութեան հարցերով 5-րդ համաժողովին մասնակցած Սէյրան Օհանեանն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի պաշտօնատարներուն հետ այդ միջավայրին մէջ հանդիպումներ չէ ունեցած, անոնց հետ բանակցութիւններ արդէն չէին ակնկալուած։ Արդարեւ, անոնք տակաւին կը շարունակեն կրակել։ Անդրադառնալով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Սէյրան Օհանեան դիտել տուաւ, որ ինչպէս միշտ՝ անոնք ունին գործընկերային բնոյթ ու ոչինչ փոխուած է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան աւելցուց, թէ այժմ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի հայկական կողմին ձեռք բերած սպառազինութիւնը արագօրէն հասցուի Հայաստան։ Մոսկուայի համաժողովին ընթացքին ազէրի լրագրողներ ալ հարցումներ ուղղեցին Սէյրան Օհանեանին, որ պատասխանեց յստակ. «Մինչեւ չդադրին հրադադարի խախտումները, անկարելի է խօսիլ բանակցութիւններու մասին»։ Սէյրան Օհանեան երէկ Պաքուի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հոսէին Տեհղանի հետ։ Վերջին շրջանին Թեհրանի ղեկավարութիւնը քանիցս Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին խորհուրդ տուած էր՝ նոր պատերազմի պատճառ չդառնալ տարածքաշրջանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Օհանեան եւ Տեհղան քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը՝ կարեւորելով լարուածութեան թուլացումն ու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման անհրաժեշտութիւնը։
Ռուսական կողմէն ալ երէկ հնչեցին ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ ԹԱՍՍ գործակալութեան յայտնեց, թէ Մոսկուա հնարաւոր կը համարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորականներուն միջեւ շփումներու շարունակումը, բարձր մակարդակի հանդիպման մը շուրջ բանակցութիւններ չկան։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարեց, որ անկարելի է թոյլ տալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր բռնկումի մը։ Ան գլխաւոր նպատակ համարեց բռնութիւններու հերթական անգամ բռնկման կանխումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ։ Ըստ Զախարովայի, անհրաժեշտ է ցուցաբերել զսպուածութիւն։ Ներկայիս անտարակոյս առաջնահերթ է իրադրութեան հանդարտեցումը եւ ռուսական կողմը սկզբունքօրէն կարեւոր կը համարէ ներկայ պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ ռազմական ռիսքերու նուազեցման ուղղեալ աշխատանքին աշխուժացումը։ «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ հաստատումն է մեր այն տեսակէտին, թէ այժմ աւելի քան երբեք կը պահանջուի ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ հասնիլ կայունութեան վերականգնման», ըսաւ Զախարովա։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուն ալ Սէյրան Օհանեանի մասնակցութեամբ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին նշեց, թէ Մոսկուա շահագրգռուած է՝ որպէսզի իր դաշնակիցները ունենան ժամանակակից, բարձր շարժունակութեամբ օժտուած զէնքեր։ Ըստ ռուս նախարարին, իրենց գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը պարզ է ու հասկնալի։ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան սահմաններուն ամրապնդումը կը նշանակէ Ռուսաստանի անվտանգութեան ուժեղացումը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիրի կողմէ տարածքաշրջանային վերջին այցելութեան ընթացքին փոխանցուած պատգամներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ան յայտնած էր, թէ զէնքի ձայները պէտք է լռեն, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում։ Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտին խօսքերով, միջազգային անվտանգութիւն չի կրնար հաստատուիլ՝ որքան ատեն որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմ կայ, իսկ Կովկասի մէջ առկայ է պատերազմի վտանգ։