ԱՐԴԷՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ
Փարիզի մէջ անցեալ Նոյեմբերին տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կազմակերպիչներէն Ապտիւլսելամ Սալահ, որ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ ձերբակալուած էր Պելժիոյ ոստիկանութեան կողմէ, արդէն յանձնուած է Ֆրանսային։ Երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն ան Պելժիայէն տարուեցաւ Ֆրանսա, ուր իրեն ներկայացուեցան մեղադրանքներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Տերնիէր Էօր» պելժիական թերթի կայքէջը տեղեկացուց, որ ան Ֆրանսա տարուած է՝ դուրս բերուելով իր գտնուած բանտէն։ Բանտի աղբիւրները ընդգծած են, որ յանցագործի յանձնման գործողութիւնը կատարուած է խիստ գաղտնութեան պայմաններու մէջ եւ այդ գործողութիւնը՝ եզրափակուած բարեյաջող ձեւով։ Ներկայիս Ապտիւլսելամ կը գտնուի ֆրանսական իշխանութիւններու հսկողութեան ներքեւ։ Իր ձերբակալումէն վերջ Պրիւքսէլի մէջ ալ տեղի ունեցած էին ահաբեկչա-կան դէպքեր։