ՊՈՒՐՍԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երէկ, Պուրսայի մէջ պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խոր մտահոգութիւն ստեղծեց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Քաղաքի կեդրոնին՝ Ուլու մզկիթի մերձակայքին տեղի ունեցաւ այս սարսափելի պայթումը։ Իգական սեռէ կենդանի ռումբ մը, որ շուրջ 25 տարեկան էր, ժամը 17.26-ին ինքզինք պայթեցուց։ Ահաբեկիչը մահացաւ, 23 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Վիրաւորեալները անմիջապէս դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներուն մէջ։ Անոնցմէ 15-ին դարմանումը արդէն աւարտեցաւ, իսկ 8-ը՝ կը մնայ բժշկական խնամքի տակ։
Պայթումի պահուն ահաբեկիչի 4 մեթր անմիջական հեռաւորութեան վրայ միայն մէկ հոգի կը գտնուէր, ինչ որ կանխեց լուրջ ողբերգութեան մը յառաջանալը։ Ներկայիս ոստիկանութիւնը հաշուի կ՚առնէ ան վարկածը, թէ ահաբեկիչը ծրագրած կէտէն աւելի առաջ սխալմամբ ինքզինք պայթեցուցած կրնայ ըլլալ։
Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը նախընթաց օր իր քաղաքացիները զգուշացուցած էր, թէ զբօսաշրջային գօտիներու մէջ ահաբեկչական յարձակում մը կրնայ պատահիլ։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ քննադատեց այդ զգուշացումը եւ ըսաւ, թէ անոնք դժբախտաբար հոգեբանական առումով անտեղի անհանգստութիւններու պատճառ կը դառնան։