ՎԻԹԽԱՐԻ ԾԱՒԱԼՆԵՐ
Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէն Տոց. Ուղուր Իւնալ յայտարարեց, որ Իսթանպուլի Օսմանեան արխիւներուն մօտ կը գտնուին 95 միլիոն փաստեր ու 400 հազար տետրակներ եւ ցարդ դասաւորուած է անոնց կէսը։ Ուղուր Իւնալ «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, թէ Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արխիւը կը բաղկանայ երկու հիմնական առանցքէ։ Անոնցմէ մին է Օսմանեան արխիւը, որ կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, իսկ միւսն է՝ Հանրապետական արխիւը, որ կը գտնուի Անգարայի մէջ։ Ըստ Իւնալի, այս բոլորին առընթեր, բացառութեան կարգով շարք մը արխիւներ կը գտնուին նաեւ այլ հանրային կառոյցներու մօտ, որոնք Պետական արխիւին փաստաթուղթեր տրամադրելու ի վիճակի չեն։
Անդրադառնալով Օսմանեան շրջանին՝ Ուղուր Իւնալ յայտնեց, թէ համապատասխան արխիւը ամբողջութեամբ կը բաղկանայ պաշտօնական փաստաթուղթերէ եւ արձանագրութիւններէ։ Արխիւին այն բաժինը, որու դասաւորումը աւարտած է, արդէն հասանելի է բոլոր հետազօտողներուն համար։ Դասաւորման գործին կարեւոր մասը արդէն հասած է իր աւարտին։ Համացանցի կայքէջը այցելելու պարագային հետազօտողները հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց փափաքած ամէն տեսակ որոնումը կատարելու։ Այսօրուան դրութեամբ Օսմանեան արխիւին կէսը դասաւորուած է։ Խօսքը կը վերաբերի շուրջ 50 միլիոն փաստաթուղթի։
Իւնալ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ արխիւին կէսին դասաւորուած ըլլալը չի նշանակեր՝ թէ Օսմանեան պատմութեան բիւրեղացման համար ամենակարեւոր փաստաթուղթերը արդէն բացուած են ուսումնասիրութեան ու մնացեալները ելմտական փաստաթուղթեր են։ Պարագան այդպէս չէ։ Մնացեալ բաժինն ալ հսկայ ֆոնտ մըն է, որու դասաւորումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ տասնեակ տարիներուն։
Ընդհանուր տնօրէնը ընդգծած է, որ արխիւի գործը չի բաղկանար միայն դասաւորումէ։ Արդարեւ, դասաւորման առընթեր, թափով յառաջ կը տարուին նաեւ վերանորոգման ու թուայնացման աշխատանքները։ Իրենց ամբողջ նպատակն է ուսմնասիրութեան բացուած բոլոր փաստաթուղթերը փութով թուայնացնել եւ ըստ այդմ տրամադրել պրպտողներուն։
Ընդհանուր տնօրէն Իւնալի բացատրութիւններով, Հանրապետական շրջանի արխիւն ալ կ՚ընդգրկէ շուրջ 40 միլիոն փաստաթուղթ, որոնք եւս փութով կը թուայնացուին ու կը բացուին ուսումնասիրութեան։
Ան հերքեց հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը, ըստ որոնց արխիւները փակ են։ Իւնալ շեշտեց, թէ արխիւի մօտ դասաւորման հանգրուանի աւարտին տուեալ փաստաթուղթը փութով կը տրամադրուի հետազօտողներուն, մանաւանդ որ եթէ այդ մէկը պատմական ապացոյցի մը բնոյթը կը կրէ։ Ընդհանուր տնօրէնը շեշտած է, թէ որեւէ ձեւով անձնակազմի պակաս մըն ալ չունին։