ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋԱՐԿ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի 24-րդ նիս­տը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, խոր­հուր­դի 36 ան­դամ­նե­րէն 22-ին մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով բա­ցուե­ցաւ նստաշր­ջա­նը, ո­րու օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րու քննար­կու­մէն ա­ռաջ ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին հիմ­նադրա­մի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­սա­նիւթ մը։ Մինչ այդ, Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան ե­րեք տա­րուան ժամ­կէ­տով վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ այդ պաշ­տօ­նին մէջ։

Հա­շուե­տու զե­կոյց­նե­րուն ունկնդ­րու­թեան ա­ռըն­թեր հո­գա­բար­ձու­նե­րը վե­րա­հա­սու դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած շարք մը ա­ռա­ջարկ­նե­րուն՝ այս տա­րուան աշ­նան կա­յա­նա­լիք նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւի նպա­տակ­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այս­պէս, Բա­կօ Սա­հա­կեան ա­ռա­ջար­կեց այս տա­րուան նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւի ծրագ­րին նե­րառ­նել նաեւ Ար­ցա­խի մէջ ան­չա­փա­հաս հինգ ե­րա­խա­ներ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րուն բնա­կա­րան­ներ ա­պա­հո­վե­լու նա­խա­գի­ծը։ Ան այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր նկա­տեց բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րու ըն­կե­րա­կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ի­րա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Սա­հա­կեա­նի այս ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նուե­ցաւ հո­գա­բար­ձու­նե­րուն կող­մէ եւ ընդգր­կուե­ցաւ նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւի ծրագ­րին մէջ։

Իր պաշ­տօ­նին մէջ վե­րա­հաս­տա­տուե­լէ վերջ Գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան յայտ­նեց, որ հիմ­նադ­րա­մի տես­լա­կա­նը կը մնայ ան­փո­փոխ՝ հա­մախ­մբել ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հա­մար կա­րե­ւոր նպա­տակ­նե­րու շուրջ։ Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ծրագ­րե­րուն տե­սա­կը կ՚են­թար­կուի փո­փո­խու­թեան, իսկ հիմ­նադ­րա­մը կը փոր­ձէ գրե­թէ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն նե­րառ­նել հա­մայն հա­յու­թեան ջան­քե­րը։ Վար­դա­նեա­նի խօս­քե­րով, ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին ե­րի­տա­սարդ սփիւռ­քա­հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւելց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ հիմ­նադ­րա­մի ձեռ­նար­կած ծրագ­րե­րուն մէջ։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, հիմ­նադ­րա­մի բա­րե­րար­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի նոյ­նիսկ ա­մե­նա­փոք­րիկ լու­ման նուի­րա­բե­րուի Հա­յաս­տա­նի շէ­նաց­ման հա­մար։ Իր կար­գին, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ նշեց, թէ յա­ռա­ջի­կա­յին հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նայ նաեւ ամ­բող­ջո­վին վեր­լու­ծե­լու 2015-ի տա­րե­լի­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015