ԵՐԵՒԱՆԻ ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Ե­րե­ւան կ՚ակն­կա­լէ յա­ռա­ջի­կա­յին Եւ­րո­միու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ՝ մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան ջնջման ուղ­ղու­թեամբ։ «Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Կա­րէն Նա­զա­րեան ը­սաւ. «Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու հար­ցին մէջ մենք կը կա­րե­ւո­րենք նաեւ մար­դոց մի­ջեւ աշ­խոյժ շփում­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­դէն ըն­դու­նած է ո­րո­շում մը, ըստ ո­րու, ԵՄ-ի ան­դամ, ինչ­պէս նաեւ Շեն­կէ­նի հա­մա­ձայ­նագ­րի դրու­թիւն­նե­րը գոր­ծադ­րող եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րը Հա­յաս­տան կրնան գալ ա­ռանց մուտ­քի ար­տօ­նագ­րի։ Յա­ռա­ջի­կա­յին մենք կը նա­խա­տե­սենք Եւ­րո­միու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսիլ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եւս կա­րե­նան ա­ռանց մուտ­քի ար­տօ­նագ­րե­րու մեկ­նիլ ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիր­ներ»։

­Փոխ-նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով ըն­դու­նուած հա­մա­տեղ հռչա­կագ­րով եւս ամ­րագ­րուած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ԵՄ կրնայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կել Հա­յաս­տա­նի հետ վի­զա­նե­րու ջնջման ուղ­ղու­թեամբ։

Բաց աս­տի, Կա­րէն Նա­զա­րեան ընդ­հան­րա­պէս լա­ւա­տես ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­պա­գայ խո­րաց­ման հար­ցին մէջ։ Ար­դա­րեւ, սկսած են ի յայտ գալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման հա­մա­տե­ղե­լի տար­րեր։ «Վեր­ջերս ԵՄ-ի հետ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում ըն­թա­ցած է նա­խա­պէս բա­նակ­ցուած Հա­մարկ­ման պայ­մա­նագ­րին շուրջ։ Ա­նոնք մի­տուած էին՝ ի մի բե­րե­լու հա­մա­տե­ղե­լի տար­րեր՝ կա­պուած Եւ­րոա­սիոյ Տնտե­սա­կան միու­թեան Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն բխած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն հետ։ Այդ գոր­ծըն­թա­ցը, կա­րե­լի է ը­սել, տուած է դրա­կան ար­դիւնք։ Մենք ու­նինք ար­դէն պատ­կե­րա­ցում յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­ռու­ցուած­քին վե­րա­բե­րեալ եւ կա­ռու­ցուած­քա­յին ա­ռու­մով սա շատ չի տար­բե­րիր նա­խա­պէս բա­նակ­ցուած փաս­տա­թուղ­թէն», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րա­րը ու վստա­հե­ցուց, թէ Հա­յաս­տան ԵՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ թա­փան­ցիկ ե­ղա­նա­կով։

Նա­զա­րեա­նի խօս­քե­րով, ԵՄ ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին։ Հե­տե­ւա­բար, Ե­րե­ւան կ՚ակն­կա­լէ ԵՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ռաջ մղել փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, մաս­նա­ւո­րա­պէս բա­րե­փո­խում­նե­րու խթան­ման, շար­ժու­նա­կու­թեան, ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման, մար­դու ի­րա­ւանց խրա­խուս­ման, բազ­մաո­լորտ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ այլ շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Ան­ցեալ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րէն ի վեր ըն­թաց­քի մէջ են քննար­կում­ներ՝ Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող նոր ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Պրիւք­սէ­լի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րե­լիք նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի բո­վան­դա­կէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան, ար­դա­րա­դա­տու­թեան, մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուած է Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցա­յին ի­րա­ւա­սու­թեան նա­խա­գի­ծը, ո­րու ԵՄ-ի խոր­հուր­դին մօտ հաս­տատ­ման պա­րա­գա­յին պի­տի սկսին Հա­յաս­տան-ԵՄ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Կա­րէն Նա­զա­րեան շեշ­տեց, որ տար­բեր հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ ներգ­րա­ւուած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը չի խո­չըն­դո­տեր Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015