ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՂԵՂՆԵՐԷՆ ՎԵՐՋ ԾԱՆՐ ՊԱՏԿԵՐ. 4 ԶՈՀ ԵՒ ԼՈՒՐՋ ԱՒԵՐՆԵՐ

Հայաստանի հիւսիսին շաբաթավերջին պատահած ջրհեղեղի հետեւանքները մեղմացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Կառավարութիւնը 300 միլիոն դրամ յատկացուցած է հեղեղներէն տուժած համայնքներու եւ շրջաններու հրատապ խնդիրներու լուծման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերու՝ տեղատարափներէն տուժած համայնքները հռչակուած են աղէտի գօտի։ Առաջին հերթին աշխատանք կը տարուի, որպէսզի աշխարհի հետ կապը կտրուած 7 բնակավայրերու ճանապարհները վերականգնուին եւ անոնց հետ կապը վերահաստատուի։ Կարգ մը շրջաններու մէջ վնասուած են նաեւ կազամուղ խողովակաշարները։ Մասնագէտներ կը մատնանշեն, որ աղէտի հետեւանքներու յաղթահարումը ելմտական մեծ բեռ մը պիտի ըլլայ երկրին համար։ Հեղեղներու հետեւանքով Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերէն ներս ընդհանուր առմամբ 3500 բնակիչ ելեկտրական հոսանքէ զրկուած է։ 4 զոհ խլած բնական աղէտի հետեւանքով վնասուած են նաեւ երկաթուղիները, որոնց վերականգնման համար բաւական երկար ժամանակ կը նախատեսուի։ Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, հեղեղներու հետեւանքով խնդրոյ առարկայ երկու մարզերուն մէջ ընդհանուր առմամբ 17 կամուրջ փուլ եկած է։ Կը հաղորդուի, որ վարարած գետերու պարագային ջուրի մակարդակը բնականոնին վերադառնալու վրայ է։

Միւս կողմէ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ շաբաթավերջի աղէտի զոհերուն համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024