ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 28 ՄԱՅԻՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ալեկոծումները կը շարունակուին, ինչ որ կը պայմանաւորէ նաեւ 28 Մայիսի՝ Հանրապետութեան տօնի մթնոլորտը։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը, թէեւ բազմամարդ հանրահաւաքներ կազմակերպել չյաջողելով հարցականի տակ կը թողու իր ներուժը, սակայն իշխանափոխութեան հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Ընդդիմադիր շարժման քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը երէկ շարունակուեցան Երեւանի մէջ՝ մինչ ոստիկանութիւնը խստիւ միջամտեց ցուցարարներուն։ Ընդդիմադիր շարժման գլխաւոր դէմքը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան երէկ յայտնեց, որ այժմ արտահերթ ընտրութիւններու ձեռնարկելու հարց մը գոյութիւն չունի։ Ընդդիմադիր ճամբարէն թէեւ կը շարունակեն հնչել բազմաթիւ յայտարարութիւններ, որոնց մէջ նկատելի են նաեւ կարգ մը հակասութիւններ, սակայն, ամենաէական հաղորդումը հնչեց իշխանութեան ճամբարէն։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս տարի 28 Մայիսի տօնակատարութիւններուն համար պիտի չայցելէ Սարդարապատի յուշահամալիրը։

Կարգ մը վերլուծաբաններ չեն բացառեր, որ Մոսկուա կրնայ իր լծակներուն միջոցաւ ներգործել՝ Երեւանի մէջ իշխանափոխութիւն մը հրահրելու համար։ Յամենայնդէպս, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի միջազգային կոմիտէի ղեկավարի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով շեշտեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ կայուն իրավիճակով։ «Մոսկուա պիտի աշխատի Երեւանի որեւէ իշխանութեան հետ», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ռուսաստանի ԱՊՀ-ի հարցերու հետամուտ երեսփոխաններէն Քոնստանդին Զատուլինն ալ հարցազրոյցի մը ժամանակ ըսաւ. «Այն ինչ որ 2018 թուականին Փաշինեանին թոյլ տրուած է, այժմ ան չի փափաքիր ուրիշին թոյլ տալ»։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024