ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով վաղը Երեւան պիտի այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Հարկ է նշել, որ Գերմանիա ներկայիս շրջանային նախագահ երկիրն է ԵԱՀԿ-ի, որու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքները։ Շթայնմայէր մօտաւոր անցեալին դարձեալ այցելած էր Երեւան։ Կարճ ժամանակ անց ան վերստին պիտի մէկտեղուի Հայաստանի ղեկավարութեան հետ՝ երբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը նոր թափ ստացած են՝ Ապրիլի սկիզբին պատահած քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած նախագահներու երկու հանդիպումներու մթնոլորտին մէջ։
Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ վաղը պիտի ժամանէ Երեւան, երեկոյեան ժամերուն պիտի հիւրընկալուի Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Նախատեսուած է նաեւ երկու նախարարներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։
Շթայնմայէր Երեւանի մէջ պիտի տեսակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։