ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿՈԹՈՂ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ունի առանձնայատուկ մթնոլորտ՝ մէկ կողմէ նուիրական, միւս կողմէ կենսանորոգ։ Համալիրը ունի իր պատկառանքը՝ որ իւրաքանչիւր վերանորոգութենէ կամ բարեզարդումէ յետոյ ի յայտ կու գայ նորովի։ Յամենայնդէպս, խնդիրը տարածքի հսկայութեան՝ շէնքի ճարտարապետութեան կամ պարտէզի հրապոյրին մէջ չէ միայն, անշուշտ։ Արդարեւ, ան հաւաքական ապրումներու խտացում մը եւ հաւաքական յիշողութեան կոթող մըն է։

Թրքահայ իրականութենէն ներս դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել մէկը, որու ներաշխարհին վրայ ուղղակի կամ անուղղակի հետք մը թողած չըլլայ հիւանդանոցը, որու առաքելութեան բազմազանութիւնը չի զիջեր կեանքի երեւոյթներու զանազանութեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022