ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ծայրայեղ է եւ սուրիահայ համայնքի գրեթէ բոլոր անդամները որոշած են երկրէն դուրս գալ։ Հրանոյշ Յակոբեան, որ հարցազրոյց մը տուաւ «tert.am» կայքէջին, նշեց՝ թէ քանի մը օր առաջ Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին առիթն ունեցած էր զրուցելու սուրիահայոց հոգեւոր առաջնորդներուն հետ եւ այս վերջիններն ալ նոյնպէս չափազանց մտահոգուած են ստեղծուած իրավիճակով։ Նախարարը ընդգծեց, թէ վերջին շրջաններուն աւելցած է Սուրիայէն Հայաստան անցածներուն թիւը։
«Հիմա առաւել չափով խնդիրները կը վերաբերին անոնց ապահովութեան, քան մարդասիրական օգնութեան, սակայն շտապօգնութեան կոչուող մարմինը արդէն կ՚ընէ ամէն ինչ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, թէ այնտեղ չկայ այնպիսի հայ մը, որ սովի կամ այլ խնդիրներու մէջ ըլլայ։ Այդուհանդերձ, Յակոբեան շեշտեց, թէ մանաւանդ Հալէպ քաղաքի մէջ ջուր չկայ, համացանցի կապ չկայ եւ այս բոլոր խնդիրները կը վերաբերին ընդհանրապէս քաղաքի բնակիչներուն, այլ ոչ միայն հայերուն։ Այս առումով հայկական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գործել աշխուժօրէն։ Հաշուի առնելով անվտանգութեան վերաբերեալ հանգամանքները՝ Հրանոյշ Յակոբեան չփափաքեցաւ մանրամասնել, թէ օգնութեան գումարները ի՛նչ ճամբով եւ ինչպէ՛ս կը հասցուին այնտեղ։ Նախարարը վստահեցուց, որ օգնութիւնը ամէն պարագային կը հասնի հալէպահայերուն, որպէսզի անոնք կարենան հոգալ իրենց նուազագոյն կարիքները։
«Սկզբնական շրջանին բոլորը յոյս ունէին, որ պիտի մնային, նոյնիսկ Հայաստան եկածները չէին փափաքիր համարկիլ, չէին փափաքիր գործի սկսիլ, կը մտածէին, թէ շատ արագ պիտի վերադառնան Սուրիա։ Իրենք շատ յոյսով եկած էին, սակայն կամաց-կամաց յոյսը անցաւ ու հասկցան, թէ պէտք է հաստատուին Հայաստանի մէջ եւ այս պատճառով առաւել աշխոյժ ձեռնարկեցին իրենց գործարարութեան՝ լուծելու համար աշխատանքի տեղաւորման հարցերը, երախաներու կրթութեան հարցերը։ Եկողներուն բնականաբար կ՚օգնենք բնակարան գտնելու հարցին մէջ, որոշ մարդոց վարձքի խնդիրները կը կարգաւորենք», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ մնացած հայերը Հայաստան տեղափոխելու նիւթին։ Ան համոզուած է, թէ որեւէ բան կազմակերպուած ձեւով ընելը շատ վտանգաւոր է։ Արդարեւ, թշնամին շատ արագ ձեւով պիտի կարենայ հաշուեյարդար տեսնել, հետեւաբար այդ մասին իրենք կ՚աշխատին շատ աւելի քիչ խօսիլ, սակայն գործով օգտակար ըլլալ՝ մարդոց տեղաշարժի հարցը կարգաւորելու ուղղութեամբ։ «Եթէ մենք յայտարարենք այս ինչ օթօպիւսով կամ օդանաւով տեղափոխութիւն իրականացնելու մասին, վտանգաւոր է, ասոր համար ես կը փափաքիմ, որ այդ հարցերը լրատուութեան բուն նիւթ չհանդիսանան», աւելցուց Յակոբեան։
Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակը, ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի կը համագործակցին իրենց հետ։ Բաց աստի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, բոլոր հայկական կառոյցները կ՚օգնեն սուրիահայոց խնդիրներու լուծման։ Հրանոյշ Յակոբեան յիշեցուց նաեւ, որ այս շրջանին ամերիկահայ կազմակերպութիւնները ԱՄՆ-ի Գոնկրէսին մօտ ալ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան՝ օգնութիւն ապահովելու համար թէ՛ Սուրիոյ մէջ մնացած հայերուն եւ թէ այնտեղէն դուրս եկածներուն համար։