ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ…

Մարդ միշտ հետքեր կը կրէ իր հասակ առած, կրթուած-դաստիարակուած եւ աշխատած միջավայրերէն։ Մարդակերտումը մշտանորոգ է՝ ինչպէս իւրաքանչիւր արարածի կեանքը։ Մարդուն յղկումը, սակայն, շատ աւելի բարդ երեւոյթ մըն է՝ միւս արարածներուն բաղդատմամբ։ Ան թէ՛ խորք է եւ թէ գագաթ։ Ինչպէս յստակութիւն է մարդը՝ այնպէս ալ յարաբերականութիւն։ Անոր մէջ պարփակուածը մէկ կողմէ կրնայ ըլլալ գերազանց, իսկ միւս կողմէ՝ ձախողում։ Ելեւէջներու, տարուբերումներու արարածն է ան, ի վերջոյ… Ուրիշներու դիտարկածէն կամ ընկալածէն անդին՝ մարդ յաճախ կը մոլորուի նաեւ ինքն իր աչքին։ Իր վրայ կրած հետքերը երբեմն կ՚ըլլան ակնահաճոյ, երբեմն ալ բոլորովին տհաճ։

Այս խճուղիին վրայ մարդ միշտ ունի նաեւ արդարանալու խնդիրը։ Այդ արդարացումն ալ, անշուշտ, բազում երեսակներ ունի։ Գուցէ եւ այդ բազում երեսակները կը բիւրեղանան վերոյիշեալ խայտաբղէտ համայնապատկերին վրայ։

«Գեղարուեստն ու գրականութիւնը մարդոց ուղեցոյցներն են, մարդեղութեան ճանապարհին», ըսած է վերջերս երաժիշտ ու բանաստեղծ Թունա Քիրէմիթճի։

Արդարանալու համար ալ մարդ պէտք չունի՞ չափանիշներու կամ ցուցիչներու…

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023