ՉԿԱՅ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Մոսկուայի արձագանգը կամ պատասխանը Էրտողանի յայտարարութեան, թէ ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն համաձայնուած ժամկէտի աւարտին, անմիջական չէր: Քանի մը օր պէտք էր սպասել, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգէր: Ըստ մամլոյ բանբերին, ուրեմն Թուրքիան Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի համաձայնագրին կողմ չէ:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը պարզապէս պարզաբանած է եռակողմանի յայտարարութեան համապատասխան կէտը՝ ընդգծելով խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման պայմանները, ժամկէտը, զայն երկարաձգելու կամ կասեցնելու համաձայնութիւնները: Ըսել կ՚ուզուի, որ պարզ է համաձայնութիւնը. հետեւաբար, Անգարայի կողմէ հիմա յատուկ կերպով այս մասին յայտարարութիւն կատարելը եւ աւելցնելը, որ կը յուսայ, թէ Մոսկուա կը յարգէ համաձայնութիւնը, այլ նպատակ կը հետապնդէ: Այստեղ կարեւոր երանգ կայ: Էրտողան խօսած է եռակողմանի յայտարարութեան մէկ կէտին մասին: Զախարովա կը պատասխանէ, որ Անգարա ընդհանրապէս եռակողմանի համաձայնութեան կողմ չէ:

Հակասութեան շրջածիրը այսպէսով կ՚ընդլայնուի Մոսկուայի կողմէ, որուն ներկայացուցիչը Անգարային կը վերագրէ ընդհանրապէս եռակողմանի համաձայնութիւնը եւ անոր երաշխաւորութիւնը Ռուսաստանի Դաշնակցութեան կողմէ: Ասիկա պարզ է, որ միայն Անգարայի առաջադրանքը չէ: Ուղղակի եւ բացայայտ առաջադրանքն է հաւաքական Արեւմուտքին, որ յայտարարութիւններով խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ռուսական երաշխաւորութիւնը, միջնորդութիւնն ու խաղաղապահութիւնը եւ այդ ճամբով կ՚աշխատի տարածաշրջանէն դուրս մղել Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը: Ռուս դիւանագէտին կողմէ այս ձեւով կը կատարուի նոյնացում Անգարայի եւ հաւաքական Արեւմուտքի դիրքորոշումներուն: Հակասութիւններու խորացումը ունի, անշուշտ, իր նախադրեալները, որոնք կ՚անցնին Ֆինլանտիայէն եւ Շուէտէն, «Ազով»ի գումարտակի շարժումներուն արձանագրումով:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը, անշուշտ, չի բաւարարուիր Անգարայի անհամաձայն ըլլալու յիշեցումով: Կը վերահաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակէ կարեւոր կայունացնող դեր ունենալ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, որուն հիմնական գործառոյթը հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վիճակի պահպանումն է: Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ շարունակուող լարուած իրավիճակը՝ անոր գործունէութիւնը աւելիով պահանջուած է: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը բխի ինչպէս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի, այնպէս ալ տարածաշրջանի երկիրներուն՝ այդ շարքին նաեւ Թուրքիոյ շահերէն: Ամենէն անուղղակի ուղերձը, սակայն, հետեւեալ բաժնին մէջ ամփոփուած է. «Լաւ համակարգուած գործակցութիւնը թուրք գործընկերներու հետ Աղտամի տարածաշրջանային ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի շրջանակներուն մէջ է»:

Աղտամի կեդրոնը տարածաշրջանային համագործակցութեան տարողութիւն ունի, որովհետեւ ռուս-թրքական համաձայնութեամբ սկսած համատեղ խաղաղապահ գործունէութիւն է: Էրտողանի զգուշացումը, ուրեմն, այդ համակարգուած տարածաշրջանային գործակցութեան հարուած է: Աւելի՛ն: Այս ձեւով Մոսկուայի ներկայացուցիչը կ՚ըսէ, թէ բացառապէս միայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հեռացման խնդիր չի կրնար դրուիլ առանձին: Ռուսական զօրակազմի հեռացումը կ՚ենթադրէ նախ թրքական զօրախումբի հեռացում եւս, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կեդրոնի չեղարկում:

Հիմա Մոսկուան է, որ զգուշացումը կ՚ուղղէ Անգարային: Չկայ ռուսական զօրակազմի հեռացում՝ այնքան ատեն, որ լարուած իրավիճակ է. հեռացումի պարագային այդ մէկը չի կրնար ըլլալ միակողմանի: Թրքական զօրախումբը եւս պէտք է ցտեսութիւն ըսէ Հարաւային Կովկասին, ուր մուտք գործած էր ռուսական համաձայնութեամբ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023