ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Թուրքիոյ, Ատրպէյճան եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ այսօր եռակողմանի հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Անթալիոյ մէջ։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ իր ազէրի եւ թիւրքմեն պաշտօնակիցները՝ Էլմար Մամէտեարովն ու Ռաշիտ Մերետով։
Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ նախարարները կ՚անդրադառնան քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր հարցերու, նաեւ կը քննարկեն նախորդ տեսակցութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքները։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ երէկ մատնանշեց այս եռակողմանի հանդիպման կարեւորութիւնը տարածքաշրջանային առումով։
Հարկ է նշել, որ այս ձեւաչափով նախորդ տեսակցութիւնը անցեալ Յունուարին տեղի ունեցած էր Աշխապատի մէջ։ Այս եռակողմանի ձեւաչափը առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու տեսակէտէ։
Անթալիոյ մէջ նախարարները կ՚ունենան նաեւ երկկողմանի բազմաթիւ հանդիպումներ։
Անգարայի մօտ Թիւրքմենիստանի դեսպան Ֆաիք Պաղըրովն ալ այսօրուան ժողովին ընդառաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, Ատրպէյճան-Թուրքիա-Իրան, Ատրպէյճան-Թուրքիա-Վրաստան եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա-Թիւրքմենիստան եռակողմանի շփումները էական դերակատարութիւն ունին՝ յառաջիկայ շրջանի ծրագրերու մշակման եւ համագործակցութեան ոլորտներու նախանշման տեսանկիւնէն։ Թիւրքմեն դեսպանը համոզուած է, թէ այդ եռակողմանի ձեւաչափերէն իւրաքանչիւրին մէջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը ստանձնեն մղիչ ուժի դերակատարութիւն։
«Կասպից ծովու արեւելքին Թիւրքմենպաշը նաւահանգիստը եւ Ատրպէյճանի մէջ շինարարութեան ձեռնարկուած Էլէթ նաւահանգիստը երբ որ պատրաստ ըլլան, ապա հնարաւոր պիտի դառնայ լաստանաւերով բեռնափոխադրութիւնը։ Երբ որ այս ուղղութիւնը դառնայ իրականութիւն, Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի տարածքին վրայով՝ որպէս տարանցիկ փոխադրութեան միջոց, Կասպից ծովու միջոցաւ մասնաւորապէս Թիւրքմենիստանի եւ Ղազախիստանի եւ ընդհանրապէս Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններու բեռնափոխադրութիւնները պիտի կա-տարուին։ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին ալ կառուցումէն վերջ՝ մեծ աշխարհագրութենէ մը ներս հնարաւոր պիտի դառնայ բեռնափոխադրութիւնը իրականացնել՝ երկաթուղիի միջոցաւ», ըսաւ դեսպանը: