ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան գոհունակութեամբ արձանագրեց երկու հարեւան երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու մակարդակը։ Նախարարները քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ուղղութիւններով համագործակցութեան ներուժը լաւագոյնս իրացնելու հնարաւորութիւնները։ Հարաւային Կովկասի յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համատեսքին մէջ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ ծաւալուած վերջին քննարկումները։ Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի ամուր քաղաքական կամքը՝ տարածաշրջանէն ներս հասնելու համար յարատեւ խաղաղութեան եւ այս ամբողջին մէջ կարեւորեց տարածքային ամողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքի ուղղեալ Իրանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արտայայտուած դիրքորոշումը։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ապտիւլաթիի հետ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024