ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԱՐՈՒԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ

Վրաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, որու արդիւնքին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Արդարեւ, նախընտրական շրջանը այնպիսի հունի մը մէջ մտած էր, որ ընտրողներու կողմնորոշումը պիտի նշանակէր նաեւ Վրաստանի տեսակէտէ նախընտրութիւն մը Արեւմուտքի կամ Ռուսաստանի միջեւ։ Երկրի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արդէն տեղեկացուց, որ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը յաղթական դուրս եկած է՝ ստանալով ընտրողներու 53,93 տոկոսի քուէն։ «Վրացական երազանք»ը իշխանութեան գլուխ կը գտնուէր եւ հանդէս կու գայ Ռուսաստանի հետ չափաւորութեան ի նպաստ։ Նուազագոյն 5 տոկոսի շեմը յաղթահարած այլ չորս կուսակցութիւններ ալ յաջողեցան մուտք գործել խորհրդարան։ Անոնք են՝ «Համախոհութիւն յանուն փոփոխութիւններու»ն (11,03 տոկոս), «Միացեալ ազգային շարժում»ը (10,16 տոկոս), «Ուժեղ Վրաստան»ը (8,81 տոկոս) եւ «Կախարիան յանուն Վրաստանի»ն (7,76 տոկոս)։

Թէեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը այս արդիւնքները հրապարակեց, սակայն, երկրի մէջ ընտրութիւններուն բերումով լարուած մթնոլորտ մը յառաջացած է։ Վրաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը մերժէ ճանչնալ արդիւնքները՝ մինչ զանազան դիտորդներ ալ բազում ընտրախախտումներ արձանագրած են։ Անոնք կը պնդեն, որ բազմաշերտ միջամտութիւններ կատարուած են ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքները հարցականի տակ մնացած են։

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ, որ երկրի ընդդիմադիր ճակատին մաս կը կազմէ, նոյնպէս ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքը չճանչցաւ եւ պնդեց, որ ընդդիմութիւնը յաղթանակ տարած է։ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երէկ ժողովուրդին կոչ ուղղեց, որպէսզի այսօր Վրաստանի խորհրդարանին առջեւ տեղի ունենան բողոքի ցոյցեր։

Միջազգային ընտանիքն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Վրաստանի իրադարձութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ ընտրութեան արդիւնքները վստահելի չեն։ Ան իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութիւնը մեղադրեց նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հանրային պաշարները չարաշահելու, ձայներ գնելու եւ ընտրողները ահաբեկելու մէջ։ «Միջազգային դիտորդները արդիւնքները չեն որակած՝ որպէս ազատ եւ արդար։ Մենք կը դատապարտենք միջազգային չափանիշներու բոլոր խախտումները եւ կը միանանք միջազգային եւ տեղական դիտորդներու կոչերուն՝ լիարժէք հետաքննելու ընտրութիւններու վերաբերեալ խախտումներու մասին բոլոր հաղորդումները»։

Միւս կողմէ, ընտրութիւններու պաշտօնապէս յայտարարուած արդիւնքի լոյսին տակ, Երեւանի ղեկավարութիւնը արդէն երէկ իսկ շնորհաւորական ուղարկեց Թիֆլիզ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրութեան մէջ տարուած յաղթանակին համար շնորհաւորեց իր վրացի պաշտօնակիցը՝ Իրակլի Քոպախիծէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2024