ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ Պաքուի մէջ եռակողմանի բանակցութիւններու մասնակցեցաւ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները ընդգծեցին եռակողմանի զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու շրջանակի ընդլայնման կարեւորութիւնը։ Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, թէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս եռակողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը կը նպաստէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ո՛չ միայն այս երեք երկիրներէն, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս։
Մինչ այդ, Եաշար Կիւլէր երէկ Պաքուի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան շփումներուն։ Ան համոզուած է, որ Հայաստան ճիշդ չի գնահատեր ստեղծուած հնարաւորութիւնը։ Թուրքիա վճռական է զարգացնել իր յարաբերութիւնները ու կը ձգտի Կովկասէ ներս խաղաղութեան։ Ատրպէյճան բռնագրաւումէ ազատագրած է իր տարածքները եւ տարածաշրջանի երկիրները կրնան ինքնուրոյն լուծել իրենց խնդիրները։ Անգարա Երեւան-Պաքու շփումներուն կ՚աջակցի՝ այս բանը միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար։ Կիւլէրի խօսքով՝ «3+2» հարթակը լաւ ձեւաչափ մըն է խնդիրներու խաղաղ լուծման համար։