ԱՊՊԱՍ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պատրաստ են Կազզէն ղեկավարելու։
Եգիպտոսի մետիային տուած հարցազրոյցին մէջ Մահմուտ Ապպաս կանխատեսումներ ըրաւ Կազզէի ապագային շուրջ։ Իր խօսքով՝ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը պատրաստ է Կազզէի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու։ Յամենայնդէպս, ան այս ուղղութեամբ նախապայման համարեց՝ յարձակումներու ամբողջութեամբ կասեցումը, մարդասիրական օժանդակութիւններու հասնիլը եւ պաղեստինցիներու տեղահանութեան արգիլուիլը։
«Իսրայէլ Կազզէի մէջ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը չ՚ուզեր։ Ան կ՚ուզէ Կազզէի մէջ մնալ եւ Պաղեստինի տարածքներէն մասերու տիրանալ։ Բայց եւ այնպէս, աշխարհ չ՚ընդունիր այս բանը, դէմ է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները», ըսաւ Մահմուտ Ապպաս եւ աւելցուց, որ Ուաշինկթըն մէկ իսկ ազդանշանով պատերազմը կրնայ կասեցնել, եթէ փափաքի։ Ապպաս շեշտեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կը խրախուսէ Իսրայէլը։ «Ամերիկացիները կ՚ըսեն, թէ Իսրայէլ չի լսեր իրենց, սակայն մենք անոնց չենք հաւատար», նշեց Ապպաս՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով նաեւ Արեւմտեան Շէրիայի վրայ։ «Բռնի դէպքերու առումով պայթում մը կրնայ ապրուիլ», զգուշացուց ան: