ԹԵՍԼԱՅԻ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Օսթին քաղաքէն ներս ոլորտի աշխարհահռչակ դէմքերէն Էլըն Մասքի գլխաւորած ընկերութեան գործարանը այս աղմկայարոյց դէպքին թատերաբեմը հանդիսացաւ։

Ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրամասէն ներս ճարտարագէտն ու գործակիցները մեքենաներու վրայ աշխատելու համար շրջանառութեան դուրս թողեցին երկու մարդամեքենայ։ Անոնք մոռցան երրորդ մարդամեքենան շրջանառութենէ դուրս թողելու։ Ալիւմինիումէ ինքնաշարժներու մասերը փոխադրելու համար ծրագրաւորուած մարդամեքենան՝ մետաղեայ իր թեւերով այդ ընթացքին բռնեց ճարտարագէտը ու միջոց մը չթողուց։ Մասնագէտը կռնակէն ու թեւերէն լրջօրէն վիրաւորուեցաւ։

Այս դէպքը պատճառ դարձած է, որ համաշխարհային հանրային կարծիքին մօտ արձագանգ գտնէ նաեւ աւելի առաջ ալ պատահած նման դէպք մը։ 2021-ին պատահած է այդ մէկը եւ բացայայտուած՝ ԹԵՍԼԱ-ի աշխատակիցներուն կողմէ գործարանի անվտանգութեան բացթողումներուն վերաբերեալ ամերիկեան մետիային կատարուած յայտարարութիւններով։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի անվտանգութեան ու առողջապահութեան ոլորտի իշխանութիւններու տուեալներով՝ ԹԵՍԼԱ-ի Թեքսասի գործարանէն ներս 2022 թուականին ամէն 21 բանուորէն մին վիրաւորուած է։ Բանուորներու փաստաբաններն ալ, իրենց հերթին, դիտել կու տան, որ գործարանի արկածներուն շուրջ կը պատրաստուին՝ սխալ կամ պակաս տեղեկութիւններով տեղեկագիրներ։

Այս բոլորին զուգահեռ կը հաղորդուի, որ 2021-ին պատահած դէպքէն վերջ վիրաւորեալ պաշտօնեան արձակուրդի չէ ուղարկուած՝ հակառակ, որ ունեցած է բաց վէրքեր։

Հարկ է նշել, որ վերջերս միջազգային աղբիւրները հաղորդած էին, թէ Էլըն Մասքի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած՝ արագ օդափոխադրութեան սարքերու պարագային ալ չեն արդարացած ակնկալութիւնները եւ այդ նախաձեռնութիւնը արդէն դադրեցուած է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023