ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի մը ստեղծման ծրագրի ճանապարհային քարտէսը պիտի վաւերացուի շուտով։ «Կը յուսանք, թէ նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի 2024-ին», ըսաւ Նովաք։
«Ռոսիա 24» ռուսական պետական հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ փոխ-վարչապետ Նովաք դիտարկումներ ըրաւ նաեւ համաշխարհային ուժանիւթի հրապարակին վերաբերեալ։ Ան համոզուած է, թէ այս բնագաւառի վերջին իրադարձութիւնները պայմանաւորուած են Եւրոպայի ազդեցութեամբ։ Արդարեւ, Եւրոպայէ ներս բնական կազի սպառումը 2021 թուականէն ի վեր նուազած է աւելի քան 100 միլիառ խորանարդ մեթրով։ 2021 թուականին 609 միլիառ խոմեթրի իջած սպառումը այս տարի կրնայ նուազիլ մինչեւ 490 միլիառ խորանարդ մեթրով։
Ալեքսանտր Նովաքի խօսքով՝ այս երեւոյթը պայմանաւորուած է երկու հանգամանքով։ Այսպէս, Եւրոպայէ ներս բնական կազի սպառումով արդիւնաբերական արտադրութիւնը կը նուազի։ Բաց աստի, ընկերութիւնները կ՚ուղղուին դէպի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նման այնպիսի շուկաներ, ուր ուժանիւթի աղբիւրները յարաբերաբար աւելի աժան են։