ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս շփումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։

Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ՝ նախօրէին Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ առնուած որոշման ակնարկելով՝ Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ գործընթացը կը շարունակուի խորհրդարանի իրաւազօրութեան ներքեւ։ «Ֆ-16» կործանիչներու գործարքին շուրջ ալ խօսեցաւ Ֆիտան, որ համոզուած է, թէ ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնն ու Քոնկրէսը պէտք է վարուին դաշնակիցի ոգիի համապատասխան ու պէտք է յարգեն խոստումները։

Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն շօշափեցին նաեւ Կազզէի վերջին իրադարձութիւնները։ Ֆիտան կրկնեց, որ ժամ առաջ պէտք է հրադադար հաստատուի եւ մնայուն խաղաղութեան ուղղեալ բանակցութիւնները պէտք է սկսին։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կիպրոսի հարցը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023