ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ ԲՌՆԱՐԱՐՔ
Իսթանպուլի մէջ երէկ պատահած դէպք մը հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ ստեղծեց եւ մտահոգութեան պատճառ դարձաւ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութեան ընթացքին պատահեցաւ յարձակում մը։ Դիմակաւոր երկու անձ եկեղեցի ներխուժելով կրակել սկսան։ Ս. Պատարագին մասնակից Թունճէր Ճիհան մահացաւ դէպքի վայրին վրայ։
Իտալական այս եկեղեցին, որ 1866 թուականին պաշտամունքի բացուած է, անմիջապէս շրջապատուեցաւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա եկեղեցի փութաց՝ դէպքի վայրին վրայ ուսումնասիրութիւններ ընելու համար։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռաձայնային կապ հաստատեց եկեղեցւոյ հովիւին հետ։ Ան շեշտեց պետական համակարգին վճռակամութիւնը՝ դէպքի բացայայտման համար։ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ եւ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու եւս այցելեցին դէպքի վայր։
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաճանին ալ արձագանգեց այս յարձակման։ Ան պախարակեց այս յարձակումը եւ յայտնեց իր վշտակցութիւնը։
Միւս կողմէ, գիշերուան ժամերուն ձերբակալուեցան այն երկու ահաբեկիչները, որոնք այս յարձակումը կատարած են։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) կազմակերպութեան անդամ երկու ահաբեկիչներէն մին Ռուսաստանի քաղաքացի է, իսկ միւսը՝ Տաճիկիստանի։
Տեղական մամուլը կը գրէ, որ դէպքին զոհ գացած Թունճէր Ճիհան ունէր մտային անբաւարարութիւն։