ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս այս շրջանին կը դիմէ շարք մը նոր քայլերու, որոնք հանրային կարծիքին մօտ կ՚ընկալուին լուրջ տարակուսանքով։ Այսպէս, դպրոցներու մէջ «Հայոց պատմութիւն» դասը կը վերածուի «Հայաստանի պատմութեան»։ Քաղաքական եւ հասարակական հարթութեան վրայ լուրջ ընդվզումի պատճառ դարձած է այս նախաձեռնութիւնը։ Շրջանառութեան մէջ են զանազան պնդումներ, ըստ որոնց յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ, պարտութեան պարտադրանքներով կ՚առնուի այս քայլը։ Այսինքն, ինչպէս Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը, պատմութեան դասի հարցն ալ իշխանութիւններուն առջեւ դրուած է Ատրպէյճանի կողմէ։

Այս առաւօտ, Երեւանի մէջ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան առջեւ։ Ցուցարարները պահանջեցին նախարար Ժաննա Անդրէասեանի հրաժարականը։ Մինչ այդ, սփիւռքէն շրջանակներ ալ առցանց արշաւներով կը միանան այդ պահանջին։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024