ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՆՈՒԼԱՆՏԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ շաբաթավերջին այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին, ինչ որ պայմանաւորուած է Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16»ներու գործարքին նման կնճռոտ հարցերու յաղթահարումով։
Պաշտօնական աղբիւրները շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ փոխանցած են Ֆիտան-Նուլանտ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, բացի Թուրքիա-ԱՄՆ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով նիւթերու շուրջ։ Հաքան Ֆիտան եւ Վիքթորիա Նուլանտ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի իրադարձութիւնները։
Յառաջիկային նախատեսուած են Թուրքիա-ԱՄՆ բանակցութիւններ՝ ռազմավարական դրութեան ձեւաչափին մէջ։ Ուստի, Անգարայի մէջ այդ փուլին վարուելիք բանակցութիւններուն համար ալ նախապատրաստական աշխատանքներ ընթացած են։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շրջանին դարձեալ սերտ շփման մէջ է համաշխարհային զանազան բեւեռներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Մերձաւոր Արեւելքի տագնապալի իրավիճակն ու Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը այս ամբողջին մէջ առանցքային են։ Թուրքիա վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, իսկ յառաջիկայ օրերուն կը սպասէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Դիւանագիտական այս խտացեալ երթեւեկի ամբողջին մէջ տեղ գտած են նաեւ Վիքթորիա Նուլանտի շփումները։ Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն բոլոր շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին ուղղեալ բանակցութիւնները։