ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ երկօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած է «Հայաստանը՝ որպէս քաղաքակրթական խաչմերուկ. պատմամշակութային առընչութիւններ» խորագրով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս տեղի կ՚ունենայ գիտաժողովը՝ «Գեղարդ» նորաստեղծ գիտավերլուծական հիմնադրամի, «Օրբելի» կեդրոնի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համատեղ ջանքերով։ Գիտաժողովը կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներէ զանազան պատուիրակներ, որոնց շարքին կը գտնուին փորձագէտներ, պատմաբաններ եւ գիտական այլ ճիւղերու մասնագէտներ։ Գիտաժողովի բացման ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան եւ ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024