ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ար­տադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին։ «Մե­րի­տեան» ցու­ցա­հան­դէ­սի կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել երկ­րի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նե­րու­ժը, զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն՝ հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ ար­տած­ման խթան­ման ճա­նա­պար­հին։

Սերժ Սարգ­սեան մի առ մի շրջե­ցաւ տա­ղա­ւար­նե­րը եւ հե­տաքրք­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան գրե­թէ բո­լոր ո­լորտ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ար­տադ­րան­քով, ցու­ցադ­րուած ապ­րան­քա­տե­սակ­նե­րով։ Երկ­րի ար­տադ­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նա­կից ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ Սերժ Սարգ­սեան զրու­ցեց նաեւ ա­նոնց առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ ա­պա­գայ ծրագ­րե­րուն մա­սին։

Շրջայ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նին ու­ղեկ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան, Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն Ար­ման Խա­չատ­րեան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015