ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր Փարիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ հաստատուած է այս տեսակցութիւնը, որու յստակ օրակարգին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, եռանախագահները վաղն ալ նոյնպէս Փարիզի մէջ պիտի տեսակցին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Երէկ, Պաքուի մէջ ազէրի նախարարը տեղեկացուց այս մասին եւ աւելցուց, թէ Հայաստան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն, որմէ վերջ պիտի սահմանուին հետագայ քայլերը։ Ըստ երեւոյթին, ներկայիս միջնորդները նոր թափ մը կու տան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով քննարկումներուն, սակայն յայտնի չէ, թէ Փարիզի մէջ քննարկումները միայն առանձին առանձին տեղի պիտի ունենան, թէ հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ երկար ժամանակ վերջ մէկտեղել նաեւ գոնէ նախարարները։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչն ալ կը պատրաստուի ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան Մայիսի 31-ին պիտի ձեռնարկէ այս շրջագայութեան, որ կը ներառնէ տարածքաշրջանի երեք երկիրները՝ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը։ Երեւանի եւ Պաքուի բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Փարիզ մեկնելէ առաջ Նալպանտեան Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի եւ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի անոր համար։