ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԶԵՂՉԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻՆ ՍԱԿԱԳԻՆԸ

Ռու­սաս­տան զեղչ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տան մա­տա­կա­րա­րուած բնա­կան կա­զի սա­կա­գի­նին մէջ։ «Կազփ­րոմ» ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր, որ վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րած էր այս ուղ­ղու­թեամբ։  «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուած է Եւ­րոա­սիոյ Տնտե­սա­կան միու­թեան Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծօ­նին ազ­դե­ցու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին 1000 խո­րա­նարդ մեթ­րի փո­խա­րէն կա­զի սա­կա­գի­նը պի­տի կազ­մէ 165 ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Զեղ­չեալ այս սա­կա­գի­նի սահ­մա­նու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ նաեւ ներդ­րում­ներ կա­տա­րել կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գի ար­դիա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով։

«Ռոս­սիա 24» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր տե­ղե­կա­ցուց, թէ հայ­կա­կան կող­մին հետ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը ձեռք բե­րուած է՝ մշա­կե­լու հա­մար կազ­ա­մա­տա­կա­րար­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյց մը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ ա­շուն։ Այդ ծրագ­րին հա­մա­ձայն, ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ որ­դեգ­րուած է Հա­յաս­տա­նի կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման 100 տո­կո­սի հաս­ցուի­լը։

Հարկ է նշել, որ Ռու­սաս­տան ցարդ 1000 խո­րա­նարդ մեթր կա­զի փո­խա­րէն 189 ա­մե­րի­կեան տո­լար կը գան­ձէր Հա­յաս­տա­նէն։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին 1000 խո­րա­նարդ մեթր կա­զի հա­մար 24 տո­լար զեղ­չի մը կա­տա­րուի­լը յանձն ա­ռած է ռու­սա­կան կող­մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015