«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԿԸ ԽԱՂԱՅ»
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հայաստան կը խաղայ կրակի հետ։ Էրտողան դէպի Խրուաթիա կատարած այցելութեան ընթացքին զրուցեց այն լրագրողներուն հետ, որոնք հետեւեցան իր ուղեւորութեան։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան հարցին։ Ըստ իրեն, ծանօթ է, որ Թուրքիա բարեացակամութիւն կը ցուցաբերէ, իսկ Հայաստան կը խաղայ կրակի հետ։ Թուրքիոյ մէջ շուրջ 100 հազար հայ կ՚ապրի։ Մօտաւորապէս կէսը քաղաքացի չէ։ Կեցութեան թոյլտուութիւն չունեցողներու պարագային հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի։ «Մեր երկրի բնակիչ հայ քաղաքացիներէն տարիներով զլացուած վաքըֆներու ապրանքները վերադարձուցինք։ Ապրիլի 24-ին իմ անցեալ տարուան ցաւակցական պատգամին նման պատգամ մըն ալ հրապարակեցի։ Մենք ցոյց կու տանք մեր բարեացակամութիւնը, սակայն Հայաստան չի հասկնար այս բոլորը։ Սարգսեան կրակի հետ կը խաղայ», ըսաւ Էրտողան։
Նախագահը իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ առկայ բախումներու մթնոլորտին մէջ կը զօրանան Ատրպէյճանն ու Ալիեւը։ Ռուսաստանն ալ լիարժէք օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր Հայաստանին, որովհետեւ Ատրպէյճանի հետ շահեր ունի։ Ներկայիս Ատրպէյճանի կողմէ վերաձեռքբերուած շրջանները որքան որ ալ անկարեւոր համարեն, Հայաստան սկսած է վախ ապրիլ։ Բնակչութեան, զինուորներու քանակի եւ մնացեալ հնարաւորութիւններուն առումով Ատրպէյճանի հզօրութիւնը անհամեմատելիօրէն բարձր է Հայաստանէն։ Ատրպէյճանի կացութիւնը չի նմանիր իր շրջակայ երկիրներուն, Վրաստանին կամ Ուքրայնոյ։ Ըստ Էրտողանի, Ռուսաստան նոյնիսկ Ուքրայնոյ մէջ չկրցաւ հասնիլ բաղձալի արդիւնքի։ Միայն Խրիմ մտնելով արդիւնքի մը կրցաւ հասնիլ, որովհետեւ այնտեղ թաթարներուն թիւը քիչ է։ «Ռուսաստան սխալ կը գործէ այս նիւթին շուրջ», ըսաւ Էրտողան։