ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ
Հասարակական քաղաքականութեան եւ ժողովրդավարական աշխատանքներու միութեան (PODEM) նախաձեռնութեամբ վերջին շրջանին պատրաստուած է տեղեկագիր մը, որ կը կոչուի՝ «1915-ն ու անդին. Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան ընկալումը»։ Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին կատարուած ծաւալուն աշխատանքի մը արդիւնքն է այս տեղեկագիրը, որու հեղինակներն են՝ PODEM-ի հետազօտութեան տնօրէնուհի Սապիհա Սենեիւճէլ Կիւնտողար եւ PODEM-ի ծրագրերու կառավարիչ Այպարս Կէօրկիւլիւ։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքը բոլորովին նոր իրադարձութիւնները հաշուի առնելով բերուած է հնարաւորինս այժմէական վիճակի մը եւ այս տեղեկագիրը բազմակողմանի հայեացք մը կը համարուի՝ հայկական հարցին շուրջ առկայ իրադրութիւնը վերլուծելու տեսանկիւնէն։
Ճան Փաքէրի կողմէ գլխաւորուած PODEM թէեւ կարճ ժամանակ մը առաջ հիմնուած է, սակայն այս տեղեկագիրը ունի խորք մը, ինչ որ պայմանաւորուած է ծրագրի մասնակիցներու փորձառութեամբ ու պաշարով։ PODEM-ի գործունէութեան գրաւուած է նաեւ Էթիէն Մահչուպեան, որ ամփոփած է տեղեկագրին համար տարուած աշխատանքը։ Հարկ է նշել, որ PODEM ներկայիս հայկական հարցին վերաբերեալ եւս երկու նոր ծրագրի վրայ աշխատանք կը տանի։
Երէկ առաւօտ, «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ PODEM-ի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած այս տեղեկագրին ծանօթացման հաւաքոյթը։ Քանի մը տասնեակ մասնակիցներով, նեղ շրջանակի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց PODEM-ի վարչութեան փոխ-նախարար Էրտալ Աքսոյ։ PODEM-ի ընդհանուր տնօրէնուհի Այշէ Իւսթիւնէլ Եըրճալը վարեց հաւաքոյթը, որու ընթացքին հեղինակները ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուցին տարուած աշխատանքը։ Էթիէն Մահչուպեանն ալ հանդէս եկաւ մեկնաբանական խօսքով մը։
Հաւաքոյթի տեւողութեան կարծիքի փոխանակման ձեւաչափին մէջ արտայայտուեցան հաւաքոյթին մասնակիցները, որոնց շարքին կը գտնուէին դիւանակալներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, վերլուծաբաններ, համալսարանականներ, ակադեմականներ եւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր։
Հարկ է նշել, որ PODEM կը նախատեսէ հրատարակել նաեւ այս տեղեկագրին անգլերէն ու հայերէն թարգմանութիւնները։ Կը նախատեսուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ եւս կազմակերպել նման ծանօթացման ձեռնարկներ, ներառեալ Հայաստանը։