ԱՌՆՈՒԱԶՆ ՔՆՆԱՐԿԵԼ
Ապրիլի 24-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան հանդէս եկաւ համաշխարհային կոչով՝ կանխելու նոր ցեղասպանութիւնը: Աֆէեան արդարացիօրէն կը նշէր, որ «աշխարհ զբաղուած է» եւ 120 հազար հայու՝ Արցախի ամբողջ բնակչութեան բռնի տեղահանումը այդ «զբաղած» աշխարհին համար աննկատ եղած է: Ուշադրութիւն չի ցուցաբերուիր նաեւ այն հանգամանքին նկատմամբ, թէ հայերը կը շարունակեն ապօրինի պահուիլ Ատըրպէյճանի բանտին մէջ՝ ըստ էութեան, պատանդի կարգավիճակով: Հայաստանի իշխանութիւններու մասով ամերիկահայ գործարարը կը նշէ, որ Ատրպէյճանի՝ անցեալ տարուան ներխուժումէն յետոյ Երեւան հրաժարած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հասնելու ջանքերէն:
Իմ կողմէ աւելցնեմ, որ Հայաստանը պետական մակարդակով շատ ուրիշ բաներէ ալ հրաժարած է: Օրինակ՝ Ապրիլի 24-ին իր ուղերձին մէջ վարչապետ Փաշինեան 4 անգամ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ 11 անգամ «Մեծ Եղեռն» բառակապակցութիւնը՝ այդպէսով շեշտը տեղափոխելով իրաւական եւ գիտական առումով դատարկ հասկացութեան վրայ: Ան նաեւ պարզորոշ կ՚ակնարկէ, որ Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող ցնցումներու համար հիմնական պատասխանատուութիւնը կը կրենք մենք՝ հայերս:
Բայց այդ խնդիրներու քննարկումը, հաւանաբար, քաղաքական գործիչներու, ո՛չ թէ Նուպար Աֆէեանի կամ իմ ոլորտն է: Ի՞նչ կը մնայ մեզ՝ քաղաքական յաւակնութիւններ չունեցող մարդոց: Ո՛չ միայն յիշել, այլեւ գործել, ինչպէս կը յորդորէ «Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրը. գործել՝ նոր ցեղասպանութիւն թոյլ չտալու:
Սա ունի, իմ կարծիքով, հիմնական նախապայման մը՝ ընդունիլ, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած էթնիք զտումը ցեղասպանութեան առաջին ազդակն էր։ Եթէ որեւէ բան չփոխուի, ապա անպայման կը հետեւին նմանատիպ այլ գործողութիւններ:
Այդ փաստը արձանագրելէ յետոյ պէտք է ներդաշնակել ջանքերը, սկիզբին՝ Հայաստանի հասարակութենէն ներս, իսկ այնուհետեւ՝ ամբողջ հայութեան մակարդակով:
Թէ յստակ ինչի՞ մասին է խօսքը՝ ես որոշ պատկերացում մը ունիմ: Բայց, կը կարծեմ՝ այդ հարցը պէտք է առնուազն քննարկուի:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի