ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆ

Թեհրանի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ պաշտպանական բնագաւառէն ներս յարաբերութիւնները նոր թափ մը ստացած են։ Այսպէս, Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Աշտիանի համոզուած է, թէ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական ու ռազմական համագործակցութեան խթանումը կրնայ նպաստել տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան բարելաւման։ Ան Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ Կիրիտհար Արամանէի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ըսաւ.

«Թեհրանի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ համագործակցութեան բազմաթիւ հնարաւորութիւնները կրնան օգտագործուիլ Արեւմտեան Ասիոյ զգայուն տարածաշրջանէն եւ Հնդկական թերակզղիէն ներս խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար»։ Իր կարգին, Արամանէն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի զարգանայ երկկողմանի համագործակցութիւնը ծովային ոլորտէ ներս, կողմերը մասնակցին համատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններու եւ այլն։

Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ փետրուարին Իրանի նաւատորմը՝ տեղական արտադրութեան «Տենա» կործանիչը Հնդկաստան ուղարկած էր՝ մասնակցելու «Միլան 2024» բազմակողմանի ծովային զօրավարժութիւններուն, որոնք Հնդկաստանի բանակի կազմակերպած մեծագոյնը կը համարուին իրենց տեսակին մէջ։

Թէ՛ Իրան եւ թէ Հնդկաստան ներկայիս լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Հայաստանի տեսակէտէ, որ գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումներուն փոխարէն Իրան առայժմ զսպիչ ուժ մը կը համարուի՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Հնդկաստանն ալ վերջին շրջանին Հայաստանի հետ պաշտպանական համագործակցութեան թափ տուած է՝ մասնաւորապէս զէնք ու զինամթերքի մատակարարման տեսակէտէ։

Նիւ Տելհիի ղեկավարութիւնը վերջերս նոյնիսկ յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ արձագանգելով Պաքուի համապատասխան հակազդեցութիւններուն։ Այսպէս, հնդկական կողմը ընդգծեց, որ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ ունի դրական կապեր, սակայն կը կարեւորէ նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտահանումը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024