ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներու գործնական փուլ թեւակոխման զուգահեռ՝ Ուաշինկթըն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը հիմք օգտագործելու յանձնառութիւնը։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Թէեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ արձագանգները եւ ընդհանուր վերաբերմունքը շատ դրական է, սակայն, դաշտի վրայ իրադրութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Հայաստանի Տաւուշի մարզէն ներս ժողովուրդը չափազանց անհանգիստ է։ Երկրի հիւսիսին թէ՛ մարզերու միջեւ եւ թէ դէպի Վրաստան ճանապարհները յաճախ կը փակուին բողոքի նպատակով։ Սահմանամերձ գիւղերու վրայ ալ անհանգստութեան ալիքը կը շարունակուի։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղադրուած սիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան անկիւնաքարն է։
Այս համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցան Փաշինեան-Պլինքըն եւ Պլինքըն-Ալիեւ հեռախօսազրոյցները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ անդրադարձ կատարուած է Պաքուի հետ հաշտեցման գործընթացին վերաբերեալ հարցերու։ Փաշինեան դրական արտայայտուած է սահմանազատման գործընթացին վերաբերեալ։ Ան ընդգծած է, որ Տաւուշի մարզի սահմանակից գիւղերու բնակիչներու մտահոգութիւնները հասկնալի է եւ կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ անոնց օրինական մտահոգութիւնները հասցէագրելու համար։
Փաշինեան եւ Պլինքըն ընդգծեցին 2022 թուականին Փրակի քառակողմանի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կարեւորութիւնը Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի ամբողջին մէջ։ Անոնք համոզուած են, թէ Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ նոյն հիմքով սահմանի յստակացումը կը բանայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհը։ Փաշինեան եւ Պլինքըն անդրադարձան նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Վարչապետը հերթական անգամ նշեց, որ սա կ՚արտայայտէ 2023 թուականին Պրիւքսէլի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ իր մասնակցութեամբ գոյացած համաձայնութիւնները, ըստ որոնց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքով։
Երէկուան հեռախօսազրոյցներուն կապակցութեամբ Պաքուի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Ալիեւ ընդգծած է, թէ սահմանազատման գործընթացէն յետոյ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբը դրական քայլ մըն է։ Ան նշած է, որ Պաքու կ՚աջակցի տարածաշրջանային համագործակցութեան, համարկուած Հարաւային Կովկասի մը մոտելի ձեւաւորման՝ առանց բաժանարար գիծերու։
Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պլինքըն Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին շեշտած է սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին կարեւորութիւնը թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի տեսակէտէ՝ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Ան կոչ ուղղած է երկխօսութիւնը պահպանել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Պլինքըն շեշտած է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրի բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ անկախ ապագայի վերաբերեալ Փաշինեանի տեսլականը խրախուսել։
Սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին եւ միջազգային համապատասխան արձագանգի մթնոլորտին մէջ Երեւան վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ Պաքուէն ստացած է՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին վերաբերեալ վերջին առաջարկները։ Այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ կը նախատեսուի նոր ժամադրութիւն մը՝ Ղազախիստանի մէջ։ Նախարարներուն նոր հանդիպման թուականը տակաւին յստակ չէ։
Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն վերլուծաբաններու կարծիքներ, ըստ որոնց բացի տարածքներու միակողմանի յանձնումէն՝ հայկական կողմին տեսակէտէ բուն խնդիրն է անվտանգութեան երաշխիքներու բացակայութիւնը։