ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր յայ­տա­րա­րեց, թէ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ յե­տաձ­գեալ տե­ղե­կագ­րի հար­ցին շուրջ մաս­նա­ւո­րա­պէս խնդրա­յա­րոյց դար­ձած է հայ­կա­կան հար­ցը։ «Հա­պէր Թիւրք»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­խորհրդա­րա­նի Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րի նա­խագ­ծին հա­մար 420 փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջարկ կա­տա­րուած է։ Այս­պէս, փոր­ձուած է Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ժխտա­կան բո­լոր տար­րե­րը ընդգր­կել այդ փաս­տա­թուղ­թին մէջ։ Ա­սոր փո­խա­րէն, թրքա­կան կող­մը հա­մո­զուած էր, թէ նոյ­նիսկ այդ վի­ճա­կով կա­րե­լի է այդ տե­ղե­կա­գի­րը պա­հել կեն­դա­նի։ Ըստ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի, թրքա­կան կող­մը միայն եր­կու նա­խա­պայ­ման ա­ռա­ջար­կած է այս ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մին ե­ղած է՝ 1915-ի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կած Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ո­րոշ­ման յղում չկա­տա­րուի­լը եւ ՓՔՔ­-ի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­կէն դուրս չթո­ղուի­լը։ Ու­րեմն, ըստ Պոզ­քը­րի, այս եր­կու հար­ցե­րը ե­ղած են Թուր­քիոյ կար­միր գի­ծե­րը։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի Թուր­քիոյ գծով զե­կու­ցող Քե­թի Փի­րի այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Վոլ­քան Պոզ­քըր յայտ­նեց, թէ ե­թէ տե­ղե­կագ­րին մէջ այդ­պի­սի ակ­նար­կու­թիւն մը գտնուի, պի­տի տե­ղե­կաց­նէ, որ թրքա­կան կող­մը չի կրնար ըն­դու­նիլ զայն եւ այդ փաս­տա­թու­թը պի­տի վե­րա­դար­ձուի։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015