ԵԸԼՄԱԶԷՐԷՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ
Լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ երկրորդ անգամ ցուցմունքներ տուաւ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի պետ Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այդ ցուցմունքները տուաւ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժանմունքի դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ յառաջ տարուած հետաքննութեան շրջագծով։
Եըլմազէր, որ ներկայիս կալանաւորուած է, Սիլիվրիի բանտէն երէկ բերուեցաւ Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատ, Չաղլայան, ուր երկրորդ անգամ տուաւ ցուցմունքներ։ Ան ձերբակալուած է անվտանգութեան համակարգէն ներս (զուգահեռ կառոյցի) վերաբերեալ գործողութիւններուն շրջագծով։
Հարկ է նշել, որ Եըլմազէր երկրորդ անգամ դատախազութիւն հրաւիրուած է՝ Եասին Հայալի, Օկիւն Սամաստի եւ ոստիկան Մուհիտտին Զենիթի ցուցմունքներուն հիման վրայ։