ԵՌՕՐԵԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Ա.-ի (Յով­սէ­փեանց) ծննդեան 150-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Ծա­նօթ է, որ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ հայ­րա­պե­տը ե­ղած էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն։ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը, որ ձօ­նուած էր «Ե­կե­ղե­ցի եւ պե­տու­թիւն Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի մէջ. հա­յեացք ներ­սէն եւ դուր­սէն» նիւ­թին։ Ե­ռօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի,  Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Գի­տու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Սոյն գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն քսա­նե­րեք գիտ­նա­կան­ներ։

Գի­տա­ժո­ղո­վի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան եւ պաշ­տօ­նա­կան մա­մու­լի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Վրդ. Ա­նա­նեան։ Հարկ է նշել, որ այս գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տան­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ֆրան­սա­հայ յայտ­նի պատ­մա­բան Քլոտ Մու­թա­ֆեան, որ Կի­լի­կիոյ շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ մըն է։

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015