ՄԱՅԻՍԻ 28-Ի ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Մայիս 28-ի Հանրապետութեան տօնը փայլուն հանդիսութիւններով նշուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Սարտարապատի յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ զինուորական շքերթ։
Տօնակատարութիւններուն շրջագծով հաւաքոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ Սարտարապատի Ազգագրական թանգարանի համալիրէն ներս։ Հանդիսութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարեց նաեւ շարք մը պարգեւատրումներ։ Այս շրջագծով մեծարուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ յայտնի արուեստագէտ Արթօ Չաքմաքճեան։
Լուսանկարին մէջ Սերժ Սարգսեան կը յանձնէ պարգեւը վարպետ քանդակագործին։