ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՎՃԻՌ
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը երէկ եզրափակուեցաւ դարակազմիկ արդիւնքով մը։ Ժողովուրդին վճիռը եղաւ իսկապէս շրջադարձային եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի այժմու յոբելենական տարուան մէջ նոր հորիզոն մը ուրուագծեց երկրին առջեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերընտրուեցաւ՝ ստանալով ձայներու 52.14 տոկոսը։
Երէկուան քուէարկութիւնը պատմական էր՝ նախ այն պատճառով, որ առաջին անգամ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար երկրորդ փուլի քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ։ Թուրքիոյ ընտրողներուն 84.29 տոկոսը մասնակցութիւն բերաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքով յառաջիկայ հինգ տարուան համար պետութեան ղեկը դարձեալ վստահուեցաւ Էրտողանին։ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը, որ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած էր, արդէն անընդմէջ 17-րդ անգամ արժանացաւ ժողովուրդի հաւանութեան։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած էր, քուէարկութեան երկրորդ փուլին ստացաւ ձայներու 47.86 տոկոսը։ Վերընտրեալ նախագահ Էրտողան երկրի 52 քաղաքներուն մէջ ընտրապայքարը աւարտեց առաջին դիրքի վրայ։ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը արդէն պաշտօնապէս վերահաստատեց իր վերընտրուիլը։ Թէեւ անոնց շարքին չեն Իսթանպուլի, Անգարայի, Իզմիրի եւ Ատանայի նման՝ երկրի ամենաբազմութիւն քաղաքները, սակայն մնացեալներու պարագային Էրտողանի ի նպաստ զօրակցութիւնը եղած է անհամեմատօրէն բարձր։ Իսկ մեծ քաղաքներու մէջ Քըլըչտարօղլուի ապահոված առաւելութեան համեմատութիւնը այնքան նուազ եղած է, որ ընդհանուր արդիւնքին վրայ էական ազդեցութիւն մը չէ գործած։ Արտասահմանաբնակ քաղաքացիներուն կողմէ տրուած քուէներն ալ մեծաւ մասամբ կեդրոնացուած են Էրտողանի վրայ։
Երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած պատկերը անվիճելիօրէն կը ցոլացնէ, որ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր երկրի քաղաքական կեանքի գլխաւոր կերպարն է Էրտողան, որու դրոշմը նկատելի է պետական-քաղաքական բեմահարթակի վրայ։
Երէկ երեկոյեան, երբ ընտրութեան արդիւնքը արդէն յայտնի դարձաւ, նախագահ Էրտողան Քըսըքլըի, Սկիւտար, բնակարանէն դուրս եկաւ՝ ուղղուելու համար դէպի մայրաքաղաք Անգարա։ Այս փուլին ան համակրանքով շրջապատուեցաւ իր տասնեակ հազարաւոր համակիրներուն կողմէ, որոնց ուղղեալ հակիրճ խօսք մըն ալ արտասանեց։
Ուշ գիշերին Էրտողան պատշգամի ելոյթի ձեւաչափին մէջ խանդավառ պատգամով մը խօսք ուղղեց ամբողջ երկրին Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Բեմահարթակի վրայ էին իրեն սատարած «Ճումհուր» դաշինքի մասնակից քաղաքական ուժերուն ղեկավարները։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը ներկայ էր այս մեծ հանրահաւաքին, որու մասնակիցները իրենց սիրոյ եւ զօրակցութեան դրսեւորման առարկայ դարձուցին երկրի վերընտրեալ ղեկավարը։ Շուրջ 320 հազար հոգի համախմբուած էր նախագահական պալատի պարտէզին եւ ամբողջ շրջափակին մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս փուլին յայտնեց, որ ոեւէ մէկուն չեն դառնացած եւ ոեւէ մէկը ընտրութեան արդիւնքով չէ կորսնցուցած։ «85 միլիոնը շահած է», նշեց ան՝ բանաձեւելով իր ելոյթի միասնականութեան պատգամը։ Իր խօսքով՝ եկած է ժամանակը, որպէսզի ընտրական շրջանի վերաբերեալ բոլոր վէճերն ու քաշքշուքները մէկ կողմ դրուին եւ բոլորը ազգային իղձերու շուրջ համախմբուին։
Էրտողանի վերընտրութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Համաշխարհային յառաջատար լրատուամիջոցները երէկ անմիջական ուշադրութեամբ լուսաբանեցին ընտրութիւններուն ընթացքն ու արդիւնքները։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնք միջազգային բեմահարթակի ազդու դերակատարներու շարքին կը դասուին, իրերայաջորդ ձեւով շնորհաւորեցին նախագահ Էրտողանի վերընտրութիւնը։ Այսպէս, Էրտողանի վերընտրութիւնը ողջունեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը, Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ Ալ Սանի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ եւ այլ բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնց շարքին էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: