ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄԱՆ ՄԷՋ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հեռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շօ­շա­փե­ցին Սու­րիոյ հիւ­սի­սի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։

Ա­մե­րի­կեան կող­մի հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ճոն Քե­րի դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րոշ­ման մա­սին։ Չա­վու­շօղ­լու եւ Քե­րի հա­մա­կար­ծիք գտնուած են նաեւ մեր­ձա­կայ շփում­նե­րու նիւ­թին շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015