ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԶԵԿՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց «Մարդու իրաւունքներու վիճակը 2014» խորագրեալ իր տարեկան զեկոյցը, ուր երկիր առ երկիր առանձին զեկոյցներով ներկայացուած են մարդկային իրաւունքներու առկայ իրավիճակը։
Համաձայն Հայաստանին վերաբերեալ հատուածին, 2014 թուականի ընթացքին առաւել ակնառու խնդիրներ եղած են կաշառակերութիւնը, կառավարութեան թափանցիկութեան բացակայութիւնը, դատական իշխանութեան սահմանափակ անկախութիւնը եւ կառավարութիւնը փոխելու ուղղութեամբ քաղաքացիներու իրաւունքի սահմանափակումը։ Ըստ զեկոյցին, Հայաստանի մէջ կը շարունակուին խնդիրներ որպէս օրակարգի վրայ մնալ կրօնական, սեռական փոքրամասնութիւններու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու նկատմամբ խտրականութիւնը, ընտանեկան բռնութիւնը, յղիութեան սեռով պայմանաւորուած ընդհատումները։
Կը փաստուի նաեւ, թէ իշխանութիւնները տակաւին պատասխանատուութեան չեն ենթարկած 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերուն հեղինակները։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զեկոյցին մէջ առանձին բաժին մը յատկացուած է նաեւ Թուրքիոյ։ Խստօրէն քննադատուած են մամլոյ միջոցներուն եւ լրագրողներուն դէմ գործադրուած պատժամիջոցները։ Նշուած է, թէ դատական համակարգն ու արդարադատութիւնը, պետութեան ապահովութեան ուժերը քաղաքակա-նացուած են։ «Կեզի»ի իրադարձութիւնները, Պերքին Էլվանին մահը, Շըրնաքի մէջ երեսունչորս անձերուն սպանութիւնը եւս քննուած են մանրամասնօրէն։ Զեկոյցին համաձայն, քաղաքական գործիչները հսկողութեան տակ կը պահեն ապահովութեան ուժերը։ Ըստ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթին, Քրէական օրէնսգիրքն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը ունին բազմաթիւ սահմանափակող յօդուածներ, ինչպէս՝ մամլոյ, համացանցի, արտայայտման եւայլն։ Զեկոյցը կը յայտնէ, թէ կառավարութիւնը քննադատելու պատճառով բռնութիւններու ենթարկուելէ վախցող լրագրողները կը կատարեն ինքնագրաքննութիւն։