ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԿԱԿԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ
Երեւանի կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը կը դիտարկուի՝ միջազգային ընտանիքին մէջ արծարծուող երկու պետութեան բանաձեւի շրջանակներէն ներս։
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կան բաղադրիչներ, որոնք կ՚ընդգծեն կողմերուն նկատմամբ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնի գործադրութիւնը: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը դատապարտելը կամ այս վերջիններուն ազատ արձակման պահանջը հակամարտ երկու կողմերուն կրնայ ուղղուած ըլլալ:
Անյապաղ հրադադարի հաստատման պահանջը, որ օրինաչափ է, անշուշտ, երկկողմանի մեկնաբանութիւն կրնայ ստանալ: Խնդիրը հրադադարի պայմաններուն շուրջ անհամաձայնութիւնն է եւ իւրաքանչիւր կողմ դիմացինին կը վերագրէ հրադադարի համար չհամաձայնելու պատասխանատուութիւնը: Ի դէպ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելով հանդերձ, «Համաս»ը նկատեց պատասխանատու հրադադարի պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւնը ուշացնելու բերումով:
Երկու պետութեան բանաձեւին նկատմամբ համաձայնութիւն յայտնելով՝ Երեւան անհրաժեշտ նկատած է, որ այս մէկուն իրականացումը առիթ կրնայ տայ, որպէսզի Իսրայէլ եւ Պաղեստին հաւասարապէս հասնին իրենց օրինական պահանջներուն:
Ամենէն դիտարժանը հաղորդագրութեան եզրակացութիւնն է. «Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը»:
Եթէ պահ մը շրջանցենք առիթը, ապա այս ձեւակերպումները կարելի էր տալ Արցախի պարագային՝ ընդգծելով միջազգային իրաւունքի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը: Երեւան այդ սկզբունքներու կիրարկումը չէր ուզած տեսնել, երբ հայկական կողմը ներկայացնողը կ՚ընդունէր Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:
Վերը նշուածները կրնային վերաբերիլ Ատրպէյճանին՝ բռնութիւններ իրականացնելու, քաղաքացիներ պահելու-գերեվարելու-պատանդառելու առումով: Եւ մանաւանդ միջազգային իրաւունքը ոտնահարելու փաստերով…
Հիմա գանք կողմերուն միջեւ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու կանոնին: Կողմերէն Պաղեստինը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին կամ չդատապարտեց Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Միւս կողմը՝ Իսրայէլ խորացուց իր ռազմական գործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ, մասնակցութիւն ունեցաւ պատերազմին եւ իր ռազմական յենակէտերը տեղադրեց հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ: Այս բոլորով նպաստեց Արցախի ամբողջական հայաթափումին:
Հաւասար հեռաւորութեան կանոնը չ՚արդարացուիր: Սակայն պէտք է ընկալել այն, որ ճանաչումը ինքնին կը խախտէ հաւասարութեան կանոնը՝ այն պատճառով, որ Իսրայէլ դէմ է երկու պետութեան բանաձեւին: Այս բանաձեւը հետզհետէ միջազգային հնչեղութիւն կ՚ունենայ: Երանգային տարբերութիւնը այն է, որ պետութիւններ կ՚առաջադրեն երկու պետութեան բանաձեւը, սակայն, տակաւին պաշտօնապէս չեն ճանչնար Պաղեստինի պետութիւնը:
Յիշենք, որ Պաղեստինի պետութիւնը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին: Չդատապարտեց նաեւ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Իսրայէլ, սակայն, ուղղակի մասնակցեցաւ պատերազմին՝ իբրեւ Ատրպէյճանի ռազմական գործընկերը եւ հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ տեղադրեց ռազմական յենակէտեր:
Միջազգային իրաւունքի այն բոլոր կէտերն ու դրոյթները, որոնք տեղ գտած են Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, սկզբունքով կիրարկելի էին Արցախի պարագային:
Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ «երկու պետութեան» բանաձեւի ընդունման կամ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումի պարագաներուն: Ի վերջոյ երկու պետութիւնը կամ ճանչցուող պետութիւնը հիմնուած է ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Միջազգային իրաւունքի սկզբունք մը, որ Արցախի պարագային շրջանցուեցաւ նոյնինքն միջազգային ընտանիքին կողմէ, ցաւօք նաեւ հայկական կողմէն։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի