ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՍԾՏՀԿ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ հեռավար ժողով մը գումարեցին։ Սա կազմակերպութեան 48-րդ նախարարական հաւաքն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։ Հարկ է նշել, որ 1 յուլիս 2024 թուականի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ստանձնէ ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ վեց ամսուան ժամկէտով։

ՍԾՏՀԿ-ի նախարարաց հաւաքը առիթ դարձաւ, որպէսզի Երեւան վերահաստատէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ պատրաստակամութիւնը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան նիստի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ ըսաւ. «Հայաստան նաեւ հաւատարիմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ցամաքային սահմաններու վերաբացման յանձնառութեան։ Այս առումով մենք պատրաստ ենք ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն՝ յատուկ ներկայացուցիչներու կողմէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու, ներկայ դրական ընթացքը պահպանելու եւ յառաջ շարժելու նպատակով՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ տարածաշրջանի»։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024